Ճոն Ալեքսանտրի յայտարարութիւնը Արցախի պատերազմին առնչութեամբ - 10 Հոկտ 2020

By armenia.com.au | Monday, 12 October 2020


Քանպերա – Պէնէլոնկի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ճոն Ալեքսանտր ձայն բարձրացուց խորհրդարանին մէջ եւ յայտարարեց « Բաւ է որ Թուրքիան Պաքուն հրահրէ վայրագութիւնները սաստկացնելու Հայերու դէմ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ», կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Սեպտեմբեր 2019ին, Ալեքսանտր առաջին խորհրդարանի անդամը եղաւ որ այցելեց Արցախի հանրապետութիւն, միանալով այլ քաղաքական ղեկավարներու: Ան որպէս անբաղձալի անձ անուանուեցաւ աւելնալով Իլհամ Ալիեւի սեւ ցանկին վրայ: Ալեքսանտր զայն կը համարէ «պատիւ» ինչպէս վերջերս ան յայտարարեց:

Անցեալի աշխարհի թիւ 8 թենիս խաղացողը խորհրդածելով 27 Սեպտեմբերին Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած յարձակումներուն մասին, ցաւ յայտնեց որ այժմ Արցախի հանրապետութիւնը կ'ենթարկուէր ռմբակոծութեան, շղթայազերծուած Պաքուի կողմէ:

«Անցեալ տարի պատիւը ունեցայ Արցախ այցելելու եւ տեսայ ամէնօրեայ գոյապայքարը որ այս ժողովուրդը կը մղէր: Արցախի ժողովուրդը դիմացկուն է եւ վճռորոշ սակայն, ինչպէս որեւէ խաղաղասէր ժողովուրդ, այդ ժողովուրդը չի վախնար ռումբերէն որոնք կը սպառնան իր կեանքին եւ իր բնակած քաղաքներուն»:

Ալեքսանտր դատապարտեց Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Ատրպէյճանական յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ Անգարայի կողմէ հրահրուած Իսլամական Սուրիացի ճիհատիսթ վարձկաններու եւ անոր օդային զօրակցութեան:

«Պէտք է հիմա դարեցնենք այս բախումը, ոչ միայն երկու երկիրներուն միջեւ այլ նաեւ զանոնք շրջապատող երկիրներուն, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան անոր:Թուրքիան պէտք է դադրի հրահրելէ Ատրպէյճանը եւ թոյլ չտայ բախումներու զարգացմանը: Շարունակական զօրակցութիւն դուրսի երկիրներէն պիտի յանգի մարդկային կեանքերու յաւելեալ կորուստի» ըսաւ ան:

Ալեքսանտր եզրափակեց իր Անդամներու Յայտարարութիւնը կոչ ուղղելով սատար հանդիսանալ Արցախի հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքին:

«Այս ահաւոր պատերազմին դադարելէն ետք, պէտք է կայուն ապագայ կերտել Արցախի ժողովուրդին համար, որպէսզի կարենայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ եւ ինք որոշէ իր ճակատագիրը» ըսաւ Ալեքսանտր:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան գնահատեց Ալեքսանտրը, որ յարձակումը անուանեց յարձակում եւ զանոնք գործադրողները՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան:

« Աւստրալահայոց համար անընդունելի է որ մեր Կառավարութիւնը եւ Լրատուութիւնը փորձեցին մանրուքներով զբաղիլ եւ Պաքուի նախընտրած « կեղծ հաւասարութեան» դիրք բռնելով, այն տպաւորութիւնը տալով, որ երկու կողմերն ալ ձեւով մը յանցաւոր են, երբ ճչացող յստակութեամբ փաստ կայ որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը փորձեն Հայերը վտարել իրենց պապենական հողերէն» ըսաւ Գայսէրեան: « Պարոն Ալեքսանտրի յայտարարութիւնը իրականութեան բացայայտումն է, որուն համար շնորհակալ ենք որպէս Հայ համայնք»:

«Անցեալ շաբաթ, Արտաքին Գործոց Նախարարուհի Մարիզ Փէյն յայտարարեց իր մտահոգութիւնը Ատրպէյճնի եւ Հայաստանի միջեւ կռիւներու վերսկսման Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի հողատարածքին առնչութեամբ»: Այս յայտարարութիւնը յուսախաբութիւն պատճառեց Աւստրալահայ համայնքին:«Աւստրալիան պէտք չէ պատմութեան սխալ կողմը ընտրէ այս հարցին կապակցութեամբ: Յարձակումը եւ վայրագութիւնը չքննադատելը աւելի կը քաջալերէ Ալիեւի բռնատիրութիւնը Ատրպէյճանի մէջ պատճառ դառնալով հայատեաց ոճիրներու Հայաստանի եւ Արցախի դէմ» Կարտիըն թերթին յայտարարեց Գայսէրեան:

«Կոչ կ'ուղղենք Աւստրալիոյ կառավարութեան որ ոճիրները անուանեն իրենց անուններով ըսելով թէ այս յարձակում մըն էր կատարուած Ատրպէյճանի կողմէ իր թիկունքը ունենալով Թուրքիան, որ զօրակցեցաւ բարձր որակի զինամթերքով եւ տարածելով Սուրիոյ մէջ կռուած Իսլամական ճիհատիսթները»

comments

Advertisement