Գոյժ.- Պերճ Թաշճեան

By armenia.com.au | Sunday, 27 December 2020



ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ իր ընկերական կազմի վաստակաւոր ընկերներէն՝ Ընկեր Պերճ Թաշճեանի մահը որ պատահեցաւ Ուրթալ 25 Դեկտեմբերին:

Հանգուցեալ ընկերոջ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի 30 Դեկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Մելպուրնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ


ՀՅԴ «Ազատամարտ» Կոմիտէն խոր ձաւով կը գուժէ մահը իր տարիներու փորձառու, հաւատաւոր եւ երեց ընկերոջ՝ ընկ Պերճ Թաշճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 25 Դեկտեմբեր 2020ին։

Ընկեր Պերճ իր բացառիկ ներդրումը բերած է Սիտնիի, Ատըլէյտի, և յատկապէս Մէլպուրնի մէջ Հայ գաղութիս հայապահպանման, բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան գործին մէջ ըլլայ այդ եկեղեցական, ազգային, մշակութային թէ մարզական մարզերէն ներս։

Մօտաւորապէս կէս դար իր անսակարկ նուիրումով առաջին իսկ օրէն լաւագոյնը տուած է գաղութիս մէջ գործող ՀՅԴ «Ազատամարտ» Կոմիտէութեան, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄի «Արաքս» մասնաճիւղին, ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ զբաղեցնելով վարչական պաշտօններ։

Եղած է գաղափարի մաքուր ընկեր, լայնախոհ, մարզիկի ոգիով պատրաստ, հայրական գուրգուրանքով ամէնօրեայ մարտահրաւէրները ընկալող կուրծք, խոհեմ ու արդարադատ միտք, եւ սերունդներու առաջնորդ եղբայր։ Վարձքդ կատար ընկ Պերճ։ Ըլլաս միշտ օրինակ ապագայ սերունդներուն։

ՀՅԴ«Ազատամարտ» Կոմիտէ
Մէլպուրն

comments

Advertisement