Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 130 Ամեակի Տօնակատարութիւններ Աւստրալիոյ մէջ

By ARF AU | Wednesday, 03 March 2021



ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպութեամբ Մարտ ամսուայ ընթացքին տեղի պիտի ունենան ՀՅԴաշնակցութեան հիմնադրութեան 130 ամեակի նուիրուած միջոցառումներ: 

Չորեքշաբթի 24 Մարտին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Արմենիա Մետիայի Facebook-ի եւ Արմենիա Մետիայի YouTube-ի էջերու միջոցաւ հանրութեան պիտի ներկայացուի ՀՅԴ հիմնադրութեան 130 ամեակի նուիրուած  գեղարուեստական առցանց միջոցառում: Օրուայ պատգամը պիտի փոխանցէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Րաֆֆի Տօնապետեան: Ընկերային ցանցերու միջոցաւ պիտի հրապարակուին միջոցառումը դիտելու տուեալները ձեռնարկի նախօրէին:

Շաբաթ 27 Մարտին երեկոյեան ժամը 7:00ին հիւսիսային Սիտնիի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս (Ուիլլուպի) տեղի պիտի ունենայ յեղափոխական եւ ազգային երգերու խրախճանք ուր ներկաներուն պիտի խանդավառէ գաղութիս սիրուած երգիչ Րաֆֆի Ատուրեան: Տեղի ունենալիք խրախճանքի մուտքի նուիրատուութեան սակն է՝ $100 (ներառեալ ընթրիք եւ խմիչք): Տոմսերը ստանալու համար դիմել Ժիւլի Զիլիֆեանին՝ 0418 445 150 կամ Սոնիա Պետրոսեանին՝ 0434 813 973: Նկատի ունենալով երկրի պայմանները վերոյիշեալ միջոցառման տեղերը սահմանափակ են:

Յիշենք որ «Քորոնա» ժահրի պատճառով ստեղծուած երկրի պայմաններու բերումով ՀՅԴ 130 ամեակի միջոցառումները բազմիցս յետաձգուած էին:

comments

Advertisement