ՀՅԴ Աւստրալիոյ Յայտարարութիւն. Դէպի Աննահանջ Պայքար

By ARF-AU | Wednesday, 10 November 2021

Յայտարարութիւն. Դէպի Աննահանջ Պայքար



Այսօր՝ ամբողջ տարի մը կը բաժնէ մեզ, Արցախեան խայտառակ ու անըմբռնելի պատերազմէն:

Տարի մը, որու ընթացքին փոխանակ սպիանային մեր ազգի վէրքերէն ու փարատէին մտահոգութիւնները, նորանոր իրավիճակներու յառաջացումով, առաւել չափով աւելցան մեր հիասթափումներն ու հայրենիքի շուրջ ստեղծուած բացասական հետեւանքները:

Սիրելի' Հայրենակիցներ,

Մէկ տարի առաջ Արցախեան պատերազմը աւարտեցաւ,  2020, Նոյեմբեր 9-ի անօրինական պայմանագրի մը ստորագրութեամբ, որպէս զինադադար, ուր անտեսուեցան Արցախի հարցին օրինական կարգավիճակ շնորհելու գործընթացները:

Միայն այս պայմանագրի ստորագրումը բաւական էր, որ Հայաստանը քաղաքական նոր ուղղութիւն որդեգրէր եւ դուրս գար ստորացնող այս նոր իրավիճակէն, սակայն ի զարմանս բոլորին, ազգային արժանապատուութիւնը ոտնահարող երեւոյթները բազմացան, ուր Թուրքիան ու Ատրպէյճանը շարունակեցին իրենց յարձակողական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, վտանգի մատնելով Հայաստանն ու Արցախը:

Ատրպէյճանի նախագահը շարք յայտարարութիւններով անտեսեց ազատ աշխարհի օրինականութեան սահմանները, Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն իր երկրին  պատկանելիութեան մասին խօսելով ու գործնական քայլեր առնելով, որուն դիմաց դժբախտաբար անկարող եղաւ Հայաստանը դիրք ճշդել ու մնաց համակերպողի դերին մէջ:

Ստեղծուած այս ահաւոր կացութեան դիմաց, Մենք՝ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն կու գանք հաստատելու  հետեւեալները.-

  • Ճիշդ է որ Հայաստանի ու Արցախի վիճակը ահաւոր է, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ որպէս սփիւռք ձեռնունայն ենք ու անկարող:

  • Արցախի ներկայ տարածքը մեծ չափով կրճատուած է, սակայն հոն պիտի շարունակէ ապրիլ Արցախահայութիւնը, որուն համար ապրելակերպի տրամաբանական պայմաններ պէտք է ստեղծուին:

  • Սիւնիքի մէջ զիջումներու ենթարկուելով, վտանգուած է Հայաստանի անվտանգութիւնն ու պաշտպանուածութիւնը:

  • Հայաստանի պարտուողական հոգեբանութիւնը, պէտք է փոխարինուի յաղթանակողի ու արդարութեան ձգտողի հոգեբանութեամբ եւ այդ ձեւով պէտք է հետապնդուին յառաջիկայ բանակցութիւնները:


Ամենահիմնական այս հաստատումները կատարելով եւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութիւնը ինչպէս միշտ, առաջնահերթ դասելով, կու գանք մեր ժողովուրդին վստահեցնելու, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ շրջանը իր ուղեկից միութիւններով, Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններով ու համակիր զանգուածներով տէրն է իր կոչումին ու իր կարողութիւնները լայնօրէն ի սպաս կը դնէ Հայաստանի եւ Արցախի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան սուրբ գործին:

Գործնական ծրագիրներ իրականացնելու օրերը մօտալուտ են, որոնց գծով օժանդակութեան ծրագիրներ ու տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին շուտով:

Մենք վստահ ենք,  բոլորս համադրելով ու կեդրոնացնելով մեր աշխատանքները, պիտի կարենանք սատարել Արցախի ու Հայաստանի վերականգման ու զարգացման:

Բիւր յարգանք ազատութեան, անկախութեան եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան Սուրբ գործին իրենց գերագոյնը նուիրաբերողներուն:

Յառաջ դէպի աննահանջ պայքար:


Սիտնի - ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
9 Նոյեմբեր 2021

comments

Advertisement