Աւստրալիոյ Երիտասարդական Ազատական Շարժումը Վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքի Ճանաչումը

By Asbarez | Tuesday, 01 February 2022



Աւստրալիոյ երիտասարդական ազատական շարժումը որդեգրեց հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու բանաձեւ մը: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Երիտասարդական ազատական շարժումը Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութեան երիտասարդական թեւն է: Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութիւնը երկրի քաղաքական մեծ ուժերէն մէկն է եւ ներկայիս դաշնակցային կառավարութեան մէջ է` վարչապետ Սքաթ Մորիսընի գլխաւորութեամբ:

Շարժումին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ բանաձեւին որդեգրումը ցոյց կու տայ Աւստրալիոյ հասարակութեան մէջ 1915 թուականի ցեղասպանութիւններու ճանաչման աջակցող քննարկումներու ընդլայնումը, ինչ որ կը հակասէ Մորիսընի կառավարութեան քաղաքականութեան, որ կը շարունակէ խուսափիլ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ:

«Այս բանաձեւը ցոյց տուաւ, որ ապագայ ղեկավարները իրենց ներկայ ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղեն` միասնականութիւն եւ համերաշխութիւն յայտնելու հայ-աւստրալիական, ասորա-աւստրալիական եւ յոյն-աւստրալիական համայնքներուն` անդրադառնալով անցեալի եւ ներկայի անարդարութիւններուն, որոնք կը մնան անպատիժ», յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան` ողջունելով Երիտասարդական ազատական շարժումի որոշումը:

Երիտասարդ ազատականները 2020ին որդեգրած էին նոյնպիսի բանաձեւ մը, որ ճանչցաւ եւ դատապարտեց1915 թուականի հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները ու ընդգծեց Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը:

comments

Advertisement