Ոչ եւս է Ընկեր Արշալոյս Վարդուկեան

By armenia.com.au | Thursday, 26 May 2022



Երեքշաբթի 24 Մայիս 2022-ին  երեկոյեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Աւստրալահայ գաղութի ազգային եւ հասարակական գործիչ, ՀՅԴաշնակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգայինի  նուիրեալ ընկերուհի Արշալոյս Վարդուկեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 30 Մայիս 2022-ին առաւօտեան  ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Աւստրալահայ գաղութի գործունեայ անդամներէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ՀՕՄի ու Համազգայինի նուիրեալ Ընկերուհի Արշալոյս Վարդուկեանի մահը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Արշալոյսի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական ԿոմիտէՍիտնի - Աւստրալիա

 


comments

Advertisement