Ոչ եւս է Ընկեր Արման Նարնլի

By ARF AU | Wednesday, 03 August 2022



Չորեքղաբթի 3 Օգոստոս 2022-ին առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Արման Նարնլին:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 9 Օգոստոս 2022-ին առաւօտեան  ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ Ընկեր Արման Նարնլիի մահը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Արմանին ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական ԿոմիտէՍիտնի - Աւստրալիա

comments

Advertisement