Ոչ Եւս է Աւստրալահայ Գաղութի Տիտաններէն Յասմիկ Զառացեանը

By armenia.com.au | Sunday, 25 December 2022



Շաբաթ 24 Դեկտեմբեր 2022ին առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Աւստրալահայ գաղութի տիտաններէն, ազգային եւ հասարակական գործիչ, Աւստրալահայ գաղութի միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու նուիրեալ ընկերուհի Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ եւ անոր ուղեկից միութիւններու կազմակերպական կառոյցի հիմնադիր սերունդի անդամ ընկերուհի Յասմիկ Զառացեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 3 Յունուար 2023-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ որմէ ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի Wallumatta սրահէն ներս:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, ՀՄԸՄ-ի ու ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնները հրապարակեցին հետեւեալ մահախօսականները:

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Աւստրալահայ գաղութի տիտաններէն, ազգային գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու անոր ուղեկից միութիւններու կազմակերպկան կառոյցի հիմնադիր սերունդի անդամ Ընկերուհի Յասմիկ Զառացեանի մահը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկերուհի Յասմիկ Զառացեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա

Գոյժ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը կը գուժէ տարիներու վաստակաւոր ազնիւ եւ ժրաջան Հ.Մ.Ը.Մ.ական Քոյր Յասմիկ Զառացեանի Մահը՝ որ պատահեցաւ Շաբաթ, 24 Դեկտեմբեր 2022-ին:

Յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 3 Յունուար, 2023-ին, Առաւօտեան ժամը 10:00 ին, Սիտնիի Հայ Առաքելական Ս.Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Հասցէ՝ 10 Maquarie street Chatswood.

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Զառացեան, Քորթեան եւ Մարկոսեան ընտանիքներուն:

ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն
Սիտնի - Աւստրալիա


ԳՈՅԺ

Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը սրտի անհուն կսկիծով կը գոյժէ մահը Հայ Օգնութեան Միութեան Աւստրալիոյ հիմնադիր վաստակաշատ ազնիւ Ընկերուհի Յասմիկ Զառացեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ 24 Դեկտեմբեր 2022 -ին։

Աւստրալահայ գաղութը երկար տարիներ վայելեց ձեր անսակարկ նուիրումն ու ծառայութիւնը։ Միշտ ծառայեցիք և առատօրէն տուիք բոլորին ձեր սրտէն, ձեր կեանքէն, և նոյնիսք ձեր հանգիստի սեղմ ժամերէն։ Միշտ հաւատարիմ մնալով « Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար » Իր սրբազան կարգախօսին։ Ազնուութեան, համեստութեան իսկական խորհրդանիշը եղաք բոլորին, բիւր յարգանք ձեր վաստակին ու յիշատակին:

Այս տխուր առթիւ , Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն և ՀՕՄի ընկերուհիներուն:
Ս․ հոգւով մխիթարութիւն և համբերութիւն բոլորին։ Հողը թեթեւ ըլլայ ու բարի հոգիդ լոյսերու մէջ ննջէ յաւերժի ճամբորդ Ընկհ․ Յասմիկ Զառացեան։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն
Սիտնի - Աւստրալիա




comments

Advertisement