Աւստրալիոյ Հայ Համայնքի Միացեալ Ղեկավարութիւնը Բոլոր Աւստրալիացիներուն Կոչ Կ'ուղղէ Դադրեցնել Մարդասիրական Եւ Հայ Ազգին Սպառնացող Աղէտը Որ Կրնայ Բնաջնջել Երկրի Մը Ամբողջ Բնակչութիւնը

By armenia.com.au | Wednesday, 28 December 2022



Անցեալ շաբթուայ ընթացքին Սիտնիի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան աննախադէպ եւ արտահերթ ժողով մը` ի տես աւստրալիական լրատուամիջոցներու եւ կառավարութեան ամբողջական լռութեան` Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) ընդհանուր բնակչութեան միտումնաւոր շրջափակման եւ մեկուսացման, որուն ակնյայտ հետեւանքը կրնայ ըլլալ ընդհանուր բնակչութեան սովահարութեամբ բնաջնջումը:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանի, ընդառաջելով Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մշտական ​​ներկայացուցիչի կոչին: Հանդիպման մասնակիցները գնահատեցին Արցախաբնակ Հայերու ներկայ իրավիճակը եւ միաձայնութեամբ դատապարտեցին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները` Արցախի հաղորդակցութեան եւ փոխադրութեան միակ միջանցքին շրջափակումը խրախուսելուն համար: 9 Նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեամբ Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Ռուսիան համաձայնած էին ապահովել քաղաքացիներուն դէպի Արցախ եւ հակառակ ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը այդ միջանցքով, որուն վերահսկողութիւնը վերապահուած էր Ռուս խաղաղապահ ուժերուն:

Պաքուի իշխանութիւններուն իմացութեամբ եւ համաձայնութեամբ, 12 Դեկտեմբերէն ի վեր Բերձորի (Լաչին) միջանցքի շրջափակումը Արցախի 120.000 բնակչութեան մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է: Որոշ ժամանակով ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ դադրեցուած էր նաեւ ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը: Այս գործողութիւնները Արցախի բնակչութիւնը ենթարկեցին ամբողջական մեկուսացման, զայն զրկեցին ազատ տեղաշարժի հիմնական իրաւունքէն եւ ենթահող ստեղծեցին սովամահութեան, հիւանդութիւններու տարածման եւ համատարած մահուան: Միջանցքի անմարդկային փակման ժխտական ազդեցութիւնը աւելի եւս խորացնելու նպատակով, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը արգիլած է նաեւ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ մարդասիրական այլ պարագաներու օդային ճանապարհով առաքումը ցամաքային շրջափակման ենթարկուած այս տարածաշրջանին, աւելի՛ սաստկացնելով միջանցքի փակման անմարդկային ազդեցութիւնը:

Ժողովը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ աւստրալիական լրատուամիջոցները բոլորովին կ'անտեսեն ամբողջ ժողովուրդի մը տառապանքը: Ժողովը այս լռութիւնը անյարիր կը գտնէ Աւստրալիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան հիմնական վարքագիծին, որոնք մշտապէս դատապարտած են մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ մեծ զոհողութիւններ կատարած` աշխարհի մէջ նման չարիքի դէմ պայքարելու համար:

Նկատի ունենալով Արցախէն եւ դէպի Արցախ ազատ երթեւեկին վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութիւնը, Ժողովը Ռուսիոյ Դաշնութեան կոչ կ'ընէ օգտագործելու իր ռազմական ներկայութիւնը միջանցքին մէջ եւ ստիպելու անոր անյապաղ բացումը: Քրեմլինի իր պարտականութենէն թերացումը համարժէք է պարտազանցութեան որպէս Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովութիւնը երաշխաւոր, մանաւանդ երբ այդ բնակչութիւնը այլընտրանք չունի, բացի վստահելէն Ռուս խաղաղապահներուն:

Աւստրալիոյ Հայ համայնքի միացեալ ղեկավարութիւնը կոչ կ'ընէ Աւստրալիոյ կառավարութեան օգտագործելու իր դիւանագիտական ամբողջական իրաւասութիւնները պարտադրելու համար շրջափակման վերացումը: Ան կոչ կ'ուղղէ Աւստրալիոյ կառավարութեան օգտագործելու միջազգային հարթակներ` աշխարհի ազգերուն տեղեկացնելու իր մտահոգութիւնը 21-րդ դարուն իրագործուած այս աննախադէպ չարիքին վերաբերեալ եւ ստանալու անոնց աջակցութիւնը` զայն վերջնականօրէն  ջնջելու նպատակով:

Աւստրալիոյ Հայ համայնքի միացեալ ղեկավարութիւնը կոչ կ'ընէ Աւստրալիոյ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին եւ այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն՝ ի գործ դնելու իրենց ազդեցութիւնը՝ ձեռք բերելու միջազգային աջակցութիւն, որպէսզի դադրին երկրի մը ամբողջ բնիկ բնակչութիւնը սովամահ ընելու, կամ զայն սպաննելու կամ բռնագաղթի ենթարկելով բնաջնջելու այս անմարդկային արարքը, եւ որպէսզի դադրի ցեղային զտումներու այս նոր մեթոտը, որուն մասին կարելի չէ իսկ մտածել 21-րդ դարուն:

Այս քայլերը պէտք է անմիջապէս առնուին լոկ անմեղ մարդոց, երեխաներու եւ տարեցներու կեանքը փրկելու համար: Խօսքը չի վերաբերիր աշխարհաքաղաքական ընդհարումներուն կամ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հակամարտութեան մէջ կողմ բռնելուն: Խօսքը կը վերաբերի անմեղ կեանքեր փրկելուն:

Աւստրալիոյ Հայ համայնքի միացեալ ղեկավարութիւնը այս խնդրանքը կ'ուղղէ իր հայրենակից աւստրալացիներուն եւ իր կառավարութեան, որովհետեւ այն հայերը, որոնք ընտրած են աւստրալացի ըլլալ, կը հաւատան որ Աւստրալիան եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ անկախ մարդկային փոխգործակցութեան կամ քաղաքական խորամանկութիւններու բոլոր հանգամանքներէն:

Հիմա է ժամանակը, որ Աւստրալիան՝ կառավարութիւն, ժողովուրդ ու լրատուամիջոցներ ոտքի կանգնին, դադրեցնելու սովի ենթարկելու եւ մարդու տարրական իրաւունքներէն զրկելու միջոցով ցեղային զտումներու չարիքը:

Առաջնորդարան Հայոց Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի
Վերափոխման Աստուածամօր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցչութիւն
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Հայ Օգնութեան Միութիւն - Աւստրալիա
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն - Աւստրալիա 
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն - Աւստրալիա 
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն (ՀՄԸՄ) - Աւստրալիա
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդական Ընկերակցութիւն
ՀԲԸՄ-ի Մարզական Մարմիններ
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Հայ Իրաւանց Խորհուրդ
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն
ՍԴՀԿ Տխրունի Երիտասարդական Միութիւն

comments

Advertisement