Հայահոծ Րայտ Շրջանի Քաղաքապետարանը 10,000 տոլար կը նուիրէ #TogetherWithSyria հանգանակութեան

By ANC AU | Thursday, 02 March 2023

Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2023-ին, Սիտնիի Րայտ քաղաքապետարանի Աւստրալահայ քաղաքապետ Պրն Սարգիս Ետէլեանի  ջանքերով Րայտ քաղաքապետարանը միաձայնութեամբ ընդունեց եւ որոշեց $10,000  տասը հազար տոլար նուիրել Աւստրալահայ համայնքի կողմէ կազմակերպուած #TogetherForeSyria երկրաշարժէն տուժած մեր Սուրիահայ համայնքին ի նպաստ դրամահաւաքին:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը երկրաշարժէն տուժած Սուրիահայութեան նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու գծով վերջերս դիմեց Րայտ քաղաքապետարանին եւ խնդրեց  որ իրենք եւս ընդառաջեն Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան դրամահաւաքի  կոչին եւ աջակցին անոր իրենց նուիրատուութեամբ:

Սոյն նիւթական յատկացումը պիտի նպաստէ  հիւսիս-արևմտեան Սուրիան հարուածող 7.8 աստիճանով երկրաշարժէն  տուժածներուն, այն ահաւոր երկրաշարժը որ խլեց աւելի քան 40,000 անմեղ քաղաքացիներու կեանքը:

Քաղաքապետ Պրն Սարգիս Ետէլեան շեշտեց թէ  Րայտ արուարձանը ունի շատ բնակիչներ, որոնք ունին անմիջական ընտանեկան պարագաներ եւ հարազատներ, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ մէջ եւ ներկայիս կը դիմագրաւեն դժնդակ պայմաններ:

Ան ըսաւ թէ Սուրիահայ համայնքի ղեկավարները իրենց կարգին արդէն իսկ  քրտնաջան կ'աշխատին օժանդակելու աներևակայելի դժուարութիւններու առաջ գտնուող համայնքի զաւակներուն:

Պրն Ետէլեան, բարձր գնահատեց նաեւ Աւստրալահայ համայնքի ջանքերը՝ օգնելու երկրաշարժէն տուժածներուն և ընդգծեց, որ անոնք մեծ յաջողութեամբ անցնող շաբաթ կարողացան հանգանակել աւելի քան 100,000  հարիւր հազար Աւստրալիական տոլար #TogetherForSyria հեռուստամարաթոնի միջոցաւ, նախքան Րայտ քաղաքապետարանի $10,000 Տասը հազար տոլարի նիւթական յատկացումը:

Քաղաքապետարանի որդեգրած բանաձեւը, միաձայնութեամբ ընդունեց եւ որոշեց որ Սիտնիի հայահոծ Րայտ արուարձանը, $10,000 կը նուիրէ Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան յառաջացուցած դրամահաւաքին, ի նպաստ Հալէպի եւ Սուրիոյ տարածաշրջանին մէջ գտնուող քաղաքներու բնակիչներուն: Նշենք նաեւ որ քաղաքապետարանի բոլոր անդամները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը երկրաշարժի անհամար զոհերուն:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի  գործադիր տնօրէն Պրն Մայքըլ Գոլօգօզեանը միասնաբար Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներուն,  ձեռամբ շնորհակալական իրենց նամակը փոխանցեցին քաղաքապետարանի Խորհուրդին այս մարդասիրական յատկանշական նախաձեռնութեան համար:

«Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը 1915 թուականին, հայ ժողովուրդն դէմ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութենէն ետք, հայրենիք ու տուն դարձաւ ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ   եղաւ Միջին Արեւելքի մէջ հայը հայ պահող մայր գաղութը» ըսաւ Պրն Գոլօգօզեանը։

«Սրտանց շնորհակալ ենք ու երախտապարտ Րայտ քաղաքապետարանի բոլոր անդամներուն ու յատկապէս քաղաքապետ Սարգիս Ետէլեանին՝ Սուրիահայութեան այս ճգնաժամին աջակցութեան համար» հաստատեց Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան ատենապետ ընկհ Նինա Գաբրիէլեանը:

Րայտ քաղաքապետարանը 2020 թուականին  $10,000 տոլար նուիրեց նաեւ Լիբանանի հայ համայնքին ի նպաստ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած համայնքի զաւակներուն:

 


comments

Advertisement