Շնորհաւոր 132րդ ամեակդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

By armenia.com.au | Tuesday, 07 March 2023



Չորեքշաբթի 22 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Willoughby Uniting Church –ի հանդիսասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմանդրութեան 132-րդ ամեակի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Աւսստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէութեան , ներկայութեամբ համայնքի հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամներուն ինչպէս նաեւ ՀՅԴ –ի անդամներուն եւ համակիր ընկերներուն ու ընկերուհիներուն:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի  դրօշակակիր սկաուուտներուն  եւ շեփորախումբին մուտքով , որոնք հայրենիքի, Արցախի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քայլերգներու նուագակցութեամբ ծածանեցին նաեւ անոնց դրօշակները: Սոյն արարողութեան յաջորդեց յատուկ ստեսաերիզի ցուցադրութիւն մը, ուր հմտօրէն ներկայացուած էր ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան  եւ անոր կազմակերպական կառոյցի ուռճացման ու բարգաւաճման մասին վերջին աւելի քան 130 տարուայ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկհ Հուրի Մայիսեան, որ նախ պաշտօնապէս  բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ապա անդրադարձաւ Դաշնակցութեան ունեցած յատկանշական դերակատրութեանը  հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ աւելցուց « Դաշնակցութիւնը միշտ ու միշտ յայտնուած է պայքարողի առաջատար դիրքին մէջ: Այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ կուսակցութեան մը համար, որ ծնունդ առաւ ճնշուած ու իրաւազրկուած ժողովուրդի ակունքէն՝ նպատակ ունենալով ազատագրել Հայ ժողովուրդն ու հայրենիքը եւ ապահովել սեփական հողին վրայ արժանապատիւ կեանք ապրելու տառական մարդկային իրաւունքը»: Ընկերուհին վեր բռնեց տարիներու ընթացքին ՀՅԴ-ի կամաւորներու եւ համակիրներու  ներդրումը, որոնց շնորհիւ կերտուեցաւ կուսակցութեան անսասան պայքարը: Ան շեշտեց որ սփիւռքի տարածքին ՀՅԴ ի կառոյցներն ու իրենց  ուղեկից միութիւնները միշտ եղած են ու կը շարունակեն մնալ պատնէշի վրայ, հասնելով Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ ու Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն: Ապա ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով՝ « Այսպէս ուրեմն պայքարը այսօր կը շարունակուի, որովհետեւ հոն ուր կայ ճնշուած եւ իրաւազրկուած հայ, հոն ուր կայ Հայ Դատ, հոն ուր կայ հայապահպանման մարտահրաւէր, վերջապէս հոն ուր կայ հայ շունչ, ուրեմն հոն կայ ու կը մնայ Դաշնակցութիւն եւ Դաշնակցութիւնը պարզապէս յանձնուիլ չի գիտեր»:

Յայտագրի յաջորդ բաժինով Աւստրալիոյ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Ֆրանս Փամպուքեան փոխանցեց Երիտասարդականի խօսքը եւ ըսաւ թէ որպէս  Հայ երիտասարդական շարժում եւ ՀՅԴ գլխաւոր կառոյցներէն մին, երիտսարդները  շատ լաւ կը գիտակցին այս կուսակցութեան կարեւորութեան ու հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի նկատմամբ կատարած նուիրական գործի կատարման, որովհետեւ անոր հայրենանուէր հովանիին տակ հասակ կառնեն  ու կը թրծուին որպէս հայ երիտասարդներ հայկական ոգիով ու ազգանուէր գաղափարներով: Ընկերը  աւելցուց  նաեւ թէ այս ճգնաժամի օրերուն որ կը տիրէ հայրենիքէն  ներս, ՀՅԴաշնակցութիւնը կրկին  նուիրուած է տիւ ու գիշեր աշխատանքի այդ իրավիճակի յաղթահաման ի խնդիր եւ  վստահ շուտով կու գայ օրը ազգային համախմբման ու հայկական զարթօնքին, ուր կը սեւեռուի նաեւ դաշնակցութեան գործին յաղթանակը:

Հանդիսութեան ընթացքին ներկաները մերթ ընդ մերթ  ըմբոշխնեցին նաեւ գեղարուեստական տպաւորիչ ելոյթներ,  ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամներ ընկերներ Յակոբ Լեւոնեան  եւ Յակոբ Զարմէնեան ելոյթ ունեցան մեներգներով, իրենց սքանչելի ու հայաշունչ մենակատարութեամբ յուզելով ու միեւնոյն ատեն խանդավառելով հանդիսատեսները: Համազգայինի Սիտնի Պարի Անսամպլի անդամներէն Թինա Ղեւոնտեան իր հեզաճկուն մենապարով գրաւեց ներկաներուն համակ ուշադրութիւնը ապա պարախումբի երեց խումբը իր «Յարխուշտա»  հերոսական ու աւանդական ազգային  պարով թնդացուց սրահը ու պահ մը փոխադրեց  հանդիսատեսը դէպի հայրենի Սասուն դէպի  խրոխտ լեռները հայոց աշխարհի:

Օրուան որպէս գլխաւոր զեկուցաբեր նախատեսուած էր  Ամերիկայի Միացեալ նահանգներէն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Խաժակ Մկրտիչեանը: Դժբախտաբար կամքէ անկախ չնախատեսուած պատճառներով  ընկերը չկարողացաւ  ֆիզիքապէս ներկայ գտնուիլ հանդիսութեան սակայն փոխարէնը ան իր տեսաուղերձը յղած էր, զորս ցուցադրուեցաւ երեկոյի ընթացքին: Ընկերը իր խօսքին մէջ ըսաւ՝ «Այսօր, հայ իրականութեան մէջ կեղծ ու արուեստական արեւելումներու հարցեր կը հրահրուին, ռուսամէտներու, արեւմտամէտներու ճամբարներ կը փորձեն ձեւաւորել, ուքրանացիներու պաշտպանութեան դրօշներ կը պարզուին, Թուրքիոյ հետ յարաբերելու առաւելութիւններ կը քարոզուին, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան ծրագիրներ կը մշակուին, Իրանի հետ միակ յուսալի սահմանը կը վտանգեն ու չեն յիշեր Էրտողանին կողմէ հայութեան ուղղուած սպառնալիքները, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումն ու Հայաստանի հանդէպ լկտի թշնամական հռետորաբանութիւնը: Մէկ խօսքով Հայաստանի իշխանութիւններու բացայայտ մեղսակցութեամբ, ծրագրուած ու հետեւողականօրէն Հայաստանն ու հայութիւնը իր ազգային էութնէն պարպելու, պատմական իրւունքներէն հրաժարելու ու դէպի նոր անդառնալի կորուստներ առաջնորդելու քաղաքականութեան մը յորձանուտին մէջ յայտնուած ենք ազգովին»: Անդրադառնալով ՀՅԴաշնակցութեան գործունէութեան ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով «Պիտի գիտակցինք սակայն, որ չէ եղած ինչ որ ժամանակ, երբ Դաշնակցութիւնը գոհ եղած ըլլայ ինքն իր տարած աշխատանքէն: Մեր հակառակորդները չքննադատած, մենք զմեզ կը քննադատենք ու գոհ չենք ըլլար մեր տարած աշխատանքէն: Պէտք ալ չէ գոհ ըլլալ, որովհետեւ բոլորս կը գիտակցինք, որ մեր մղած պայքարը երկար է ու աւելին պէտք է ընել: Մեր առջեւ դրուած խնդիրները դժուար են, ուժերու գերլարում կը պահանջեն: Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է:Իսկ ուր կամք կայ, հոն ճամբայ կայ»:

Խօսքին ամբողջութիւնը կրնաք ընթերցել՝
http://www.armenia.com.au/news/Feature-Articles/Armenian/75749/

Հանդիսութեան աւարտին Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէութան խօսքը հանգամանօրէն փոխանցեց ԿԿ-էի հերթապահ ընկեր Ներսէս Պալիօզեան: Ան խօսելով ՀՅԴաշնակցութեան օրուայ յատկանշանակութեան մասին ըսաւ՝ «Դաշնակցութիւնը Հայ ժողովուրդի վրայ պարտադրուած տառապանքի ու տանջանքի օրերու ծնունդն է ուր անոր հիմնադիրները մէկտեղեցին յեղափոխական երիտասարդութեան տեսլականը եւ Հայ ժողովուրդի պատմութեան օրհասական օրերուն հիմքը դրին Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կուսակցութեան: Այն կուսակցութեան որուն պատմութիւնը միաձուլուեցաւ Հայոց պատմութեան հետ: «Կատարենք մեր պարտքը եւ մնացածը ունայնութիւն է» Քրիստափորի կոչին հաւատացող երիտասարդութիւնը անցաւ գործի եւ այդ պարտքը կատարելու ճամբուն վրայ նուիրաբերեց իր լաւագոյնը: Անտարբեր մնալը տարբերակ մը չէր այդ սերունդին որ անցաւ գործի: Այդ գործն էր որ ձեւաւորեց Դաշնակցութիւնը եւ տուաւ անոր մերօրեայ պատկերը»: Ընկերը լուսարձակի տակ առաւ Արցախահայութեան կապակցութեամբ տարուած աշխատնքները ուր ըսաւ՝ «Հիմնադրութեան օրերէն աւելի քան մէկ դար ետք երբ Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու եւ մեր հայրենիքի ղեկավարութեան գլուխ անցած ապազգային վոհմակի զոհը կ'երթար Դաշնակցութիւնը հոն էր իր ժողովուրդին կողքին: Ու անգամ մը եւս Քրիստափորի պատգամին հաւատացողները անցան գործի յանուն մեր Հայրենիքի պաշտպանութեան քանզի անտարբեր մնալը ընդունելի չէր: Անցանք գործի մենք եւս եւ մեր հովանին տակ գործող մարմիններու ջանքերով որեւէ մէկ ճիգ չի խնայեցինք հասնելու մեր Հայրենիքի եւ հայրենակիցներուն օժանդակութեան: Արցախեան վերջին պատերազմին ու անոր յաջորդող տարիներու ընթացքին մեր գործունէութիւնը խօսուն ապացոյցն է: Քաղաքական ճնշում Աւստրալիոյ կառավարութեան վրայ, Աւստրալիոյ քաղաքական հիմնական երեք կուսակցութիւններու՝ Բանուորական, Ազատական եւ Կանաչներու պատգամաւորներու եւ կառավարական դէմքերու կոչերը այդ տարուած գործի արդիւնքներէն են: Մեր գործը հոն կանք չառաւ: Չէր կրնար առնել: Մենք մեր բողոքի ձայնը բարձրացուցինք եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Միութեան առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած ցոյցերով ու քարոզչական աշխատանքներով մեր ձայնը բարձրացուցինք ու աւելին հակառակ անոնց որոնց համար ծիծաղելի եւ անտեղի կը թուին նման աշխատանքներ կու գամ յայտարարելու որ պիտի շարունակենք բարձրացնել մեր ձայնը մինչեւ որ անոնց արձագանքը լսենք վերստին ազատագրուելիք Շուշիի բերդաքաղաքէն: Արցախն ու Արցախահայութիւնը եղած են, էն եւ պիտի շարունակեն մնալ մեր գործունէութիւններուն հիմնական առաջնահերթութիւնը: Քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքներու կողքին մեր մարմիններուն հետ միասնաբար ձեռնարկեցինք զանազան տեսակի հանգանակութիւններ որոնց նպատակն էր ապահովել Արցախի հանրապետութեան անվտանգութիւնը: Հրապարակայնօրէն չի յայտարարուած օժանդակութիւններու կողքին մեր վերջին նախաձեռնութիւնն էր նեցուկ կանգնիլ Հայ Օգնութեան Միութեան Solar Artsakh ծրագրին»: Գաղութային միասնական աշխատանքներուն անդրադառնալով ան խօսելով Վանի ինքնապաշտպանութեան օրինակին մասին ըսաւ՝ «1896 թուականին Վանի ինքնապաշտպանութիւնը դաստիարակիչ մէկ դրուագ մըն է մեր պատմութեան մէջ: Քաջութեան, յանդգնութեան եւ ազգի ու ժողովուրդի համար անսակարկ նուիրումի կողքին պէտք է նաեւ յիշել որ այդ ինքնապաշտպանութիւնը եղած էր առաջին, ու հաւանաբար եթէ պատմութեան ակնարկ մը նետենք վերջին, գործունէութիւնը որուն ընթացքին Արմենական, Հնչակեան եւ Դաշնակցութեան կուսակցութիւնները իրենց ռազմական ներուժն ու փորձառութիւնը մէկտեղելով մէկ մարդու նման իրենց համեստ կարողութիւններով կրցան դէմ դնել թշնամիի բազմահազար եւ լաւապէս զինուած զօրքին: Այդ դրուագին դաստիարակիչ դասերուն հետեւելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն կ'աշխատի գաղութիս մէջ գործող բոլոր յարանուանութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ մարմիններուն հետ ի պաշտպանութիւն մեր ազգային շահերուն: Գործի եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի հաւատացող կուսակցութեան համար հաւանաբար տարօրինակ է նման աշխատանք մը սակայն Հայրենիքի ու ազգի ծառայութեան համար գերագոյնը զոհաբերելու երդում տուած Դաշնակցականին համար Քրիստափորեան պարտքն է որ կը կատարէ: Ինչքան որ շատեր կը փորձեն պղտորել Դաշնակցութեան յանուն ազգի ու հայրենիքի միասնական աշխատանքի ուղին ինչպէս որ ժողովասենեակներու մէջ յայտարարած ենք կու գանք Ձեր դէմը եւս յայտարարելու որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն իր հովանիին տակ գործող բոլոր կազմակերպութիւններու եւ մարմիններու անունով պատրաստ էր եւ է իր ամբողջ կարողականութիւնն ու ներուժը  դնելու տրամադրութեան տակ Աւստրալահայ գաղութի բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ մարմիններուն որոնք կը հաւատան, կ'աշխատին ու ճիգ չեն խնայէր գործելու եւ ոչ միայն խօսելու ի շահ մեր ազգին ու հայրենիքին»: Ընկերը հաստատեց թէ այս հանգրուանին հիմնական հրամայականներէն մէկն է Դաշնակցութեան գաղափարական վաստակը վերակենդանացնել եւ զայն բերել 21 դար: Իր խօսքը փակեց ըսելով՝ « ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60 ամեակի սեմին մեր հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր Հայի ըլլայ այն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարին ու ծրագրին ուխտեալ շարքային թէ անոնց հաւատացող համակիր, զինել Քրիստափորի նուիրուածութեամբ, Գէորգ Չաւուշի քաջութեամբ, Հրայր Դժոխքի ժողովրդասիրութեամբ, Նիկոլ Դումանի ռազմագիտութեամբ, Արամի տեսլապաշտութեամբ, Սողոմոն Թէհլիրեանի կարգապահութեամբ, Աբօ Աշճեանի խիզախութեամբ, Սարգիս Զէյլթեանի գաղափարապաշտութեամբ, Շահէն Մեղրեանի յանդգնութեամբ եւ Յարութ Բանոյեանի ազնուութեամբ»: 


Խօսքին ամբողջութիւնը կրնաք ընթերցել՝
http://www.armenia.com.au/news/Feature-Articles/Armenian/75750/

Եւ այսպիսով Աւստրալիոյ ՀՅԴ –ի մեծ ընտանիքը իր կամաւորներով, համակիրներով եւ  ուղեկից միութիւններով տարի մը եւս պատշաճօրէն նշեց  գաղափարի ու տեսլականի կուսակցութեան, ժողովուրդի երկար տարիներու տառապանքներէն ու պայքարի բուռն ոգիէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան յատկանշական այս տօնակատարութիւնը:

comments

Advertisement