Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողով

By ARF AU | Saturday, 25 March 2023



24-26 Փետրուար 2023-ին, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողովը տեղի ունեցաւ Սիտնիի մէջ, մասնակցութեամբ շրջաններու ներկայացուցիչներուն, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ հրաւիրուած ընկերներու։

Մանրամասնօրէն քննելէ ետք, օրակարգի վրայ տեղադրուած հարցերը, ժողովը որդեգրեց յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական ուղղութիւնը: Ժողովը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հանրապետութեան որուն կապակցութեամբ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը՝

Անգլերէն՝  http://www.armenia.com.au/news/AustraliaNews/English/75754/50th-Australian-Regional-Convention-of-Armenian-Revolutionary-Federation-Unequivocally-Supports-the-Republic-of-Artsakh
Հայերէն՝ http://www.armenia.com.au/news/AustraliaNews/Armenian/75753/

Ժողովը իր աշխատանքները եզրափակեց շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ընտրութեամբ, որ կը բաղկանայ հետեւեալ 7 ընկեր-ընկերուհիներէ.
Ներսէս Պալիօզեան (Ներկայացուցիչ)
Նանօր Աշըքեան – Չիւրիւքեան
Կարպիս Սարեան
Հուրի Մայիսեան
Հրաչ Լուսիկեան
Ալին Պալիօզեան – Համամճեան
Շանթ Զիլիֆեան

comments

Advertisement