Ոչ եւս է Ընկեր Այւազ Գրիգորեանը

By armenia.com.au | Wednesday, 29 March 2023



Չորեքշաբթի 29 Մարտ 2023ին Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ազգային եւ հասարակական գործիչ, հրապարակագիր, ՀՅԴաշնակցութեան մամուլին նուիրեալ ծառայ, ՀՅԴ հաւատաւոր անդամ եւ Արմենիա թերթի (շաբաթաթերթ, երկշաբաթաթերթ, ամսաթերթ) տարիներու պատասխանատու ընկեր Այւազ Գրիգորեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 31 Մարտ 2023-ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը՝


ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն, ազգային եւ հասարակական գործիչ եւ հրապարակագիր Ընկեր Այւազ Գրիգորեանի մահը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու Այւազ Գրիգորեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա

comments

Advertisement