Ոչ եւս է Ընկեր Արա Վարդուկեան

By armenia.com.au | Sunday, 14 April 2024



Ուրբաթ 12 Ապրիլ 2024-ին կէսօրէ ետք Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր վաստակաշատ Համազգայինական Արա Վարդուկեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 19 Ապրիլ 2024-ին Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Համազգայինի Գօլստըն ճեմարանը հրապարակեցին հետեւեալ մահախօսականները`


ԳՈՅԺ - Ընկեր Արա Վարդուկեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Սիտնիի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ Ընկեր Արա Վարդուկեանի մահը:

Ընկեր Արա Վարդուկեանի կեանքը՝ Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում, խոնարհ ծառայութիւն ու անշշուկ զոհողութիւն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Արայի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա

ԳՈՅԺ - Ընկեր Արա Վարդուկեան

Աւստրալիոյ Համազգայինը կը գուժէ իր վաստակաւոր ընկերոջ Արա Վարդուկեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ 12 Ապրիլին, յետ հիւանդութեան:

Ընկեր Վարդուկեան բազում տարիներ մշակութային, կրթական  եւ կազմակերպչական անվերապահ աշխատանք տարած է Համազգայինի շարքերէն ներս, որպէս գեղարուեստական ղեկավար, Գօլստըն Ճեմարանի խնամակալ, եւ Համազգայինը դրած անընդմէջ յառաջընթացի մէջ: Իր յիշատակը անմար պիտի մնայ իւրաքանչիւր Համազգայնականի սրտին մէջ:

Կը խոնարհինք իր վաստակին առաջ: 

Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն Սիտնի - 14 Ապրիլ 2024

Vale Ara Vartoukian

On behalf of the directors, board of management, principal, staff and students of the Hamazkaine Arshak & Sophie Galstaun College we mourn the untimely passing of long time College director and board member Ara Vartoukian, who passed away on Friday 12th April 2024.

Ara was a rare individual; a man with the utmost integrity and dedication to the Armenian-Australian community. He was a constant in the history of the College, serving on the board of management for almost two and a half decades and as a director of the College since 2010.

He followed in the footsteps of his late mother, Arshaloys Vartoukian, who was one of the early pioneers of the College. His devotion and dedication to the betterment of the College has ensured that over the past 25 years the College has remained and will continue to remain the cornerstone of our community.

Ara is survived by his wife, Nyree, and two sons, Haig and Tro, both of whom graduated from the College.

May he rest in eternal peace and may his legacy live on through our entire College family.

Board of Management
Hamazkaine Arshak & Sophie Galstaun College
Sydney, Australia
13 April 2024

Գոյժ - Ոչ եւս է Արա Վարդուկեան

Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի Խնամակալութիւնը, Տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը կը գուժեն մահը Ճեմարանի խնամակալութեան երկարամեայ նուիրեալ անդամ՝ Արա Վարդուկեանի։

Արան իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ շուրջ 25 տարիներ շարունակ կամաւոր կերպով ծառայեց Ճեմարանին։ Ան շարունակեց քայլերը իր մօր՝ Արշալոյս Վարդուկեանի որ Ճեմարանի հիմնական ջահակիրներէն էր։ Արան ջանք ու ճիգ չխնայեց Ճեմարանի բարելաւման շարունակականութեան ի խնդիր։

Թող իր յիշատակը ու նուիրական պայքարի ոգին վառ մնան Ճեմարանի մեր ընտանիքէն ներս։

Աստուած իր հոգին լուսաւորէ եւ ինք արժանանայ երկնային յաւիտեան խաղաղութեան։

Այս օտար եւ հիւրընկալ հողը թեթեւ գայ իր աճիւններուն։

Վարձքդ կատար Արա։

Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի Խնամակալութիւն
Սիտնի, Աւստրալիա
13 Ապրիլ 2024

 

comments

Advertisement