By Asbarez | Thursday, 18 May 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ դատական մարմիններուն կողմէ պահանջ ներկայացուած է՝ խլելու ընդդիմադիր երկու կուսակցութիւններու՝ Հանրապետական ժողովրդային եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեանց շարք մը երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը:
<<Ակօս>> թերթի կայքին համաձայն՝ Մայիս 17ին խորհրդարան ներկայացուած են նշեալ կուսակցութիւններուն անդամ 10 պատգամաւորներու մասին համապատասխան պահանջագիր: Աղբիւրը չէ յստակացուցած սակայն, թէ դիմումը ո՞ր մարմինին կողմէ ուղարկուած է խորհրդարան:
Վերոնշեալ պատգամաւորներու շարքին է քրտամէտ կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան։
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ անցած շաբաթ խորհրդարանին ներկայացուած էր վերոնշեալ կուսակցութիւններէն այլ 51 պատգամաւորներու անձեռնմխելիութեան դադրեցման պահանջ մը՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջարկով: Կատարուած քուէարկութեամբ՝ առաջարկը վաւերացուած էր 376 կողմ, 140 դէմ եւ 5 ձեռնպահ ձայներով:
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած կը մնան առնուազն 10 պատգամաւորներ, ներառեալ՝ քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահները։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian