Շուէտի մէջ 35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն

By Asbarez | Wednesday, 25 October 2017

 

1025swedenarf2

ՍԹՈՔՀՈԼՄ - Շաբաթ, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան, 35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն՝ տալով դաշնակցականի իրենց երդումը, կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի:

35 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ամբողջացնելէ ետք ամիսներու վրայ երկարած իրենց դաստիարակչական ծրագիրը՝ տուին իրենց երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն:

Նորագիրներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն չեն անդամագրուիր, ինչպէս է պարագան շատ կազմակերպութիւններու, այլ՝ կը զինուորագրուին, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի ազգի ծառայութեան, եւ իւրաքանչիւր դաշնակցական ամէն բանէ առաջ ազգին զինուորն է, Հայ Դատի զինուորագրեալ ծառան է, բառին ամէնէն լայն եւ բազմակողմանի առումով:

Կիրակի, 22 Հոկտեմբերին կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացումը Սոտերթելիըի <<Սարդարապատ>> ակումբին, նախագահութեամբ՝ Հրանդ Մարգարեանի եւ ներկայութեամբ Շուէտի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի եւ պաշտօնական հիւրերու:

Ակումբի բացման հանդիսութեան օրը, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Շուէտի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեան, որ ըսաւ, թէ այս ակումբը, որ առաջինն է շուրջ քառասուն տարուան կեանք ունեցող համայնքին մէջ, տունն է իւրաքանչիւր հայու, հարազատօրէն բաց է բոլորին համար, առանց գաղափարական թէ դաւանական խտրութեան, նոյնիսկ եթէ ունի յստակ պատկանելիութիւն, որուն յարկին ներքեւ միասնաբար պիտի գործեն ՀՅԴն, ՀՄԸՄը, Համազգայինը, Հայ Դատը, ՇԵՄը, պատանեկանը եւ ՀՕՄը՝ ի սպաս այս համայնքի կարիքներուն եւ համահայկական մեր նպատակներուն:

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, որ շնորհաւորեց այս կեդրոնը՝ զայն նկատելով յոյժ կենսական համայնքի հայապահպանման համար, ապա նաեւ՝ Հայ Դատի հետապնդման ի խնդիր, նշելով դեսպանատան հետ արդէն իսկ առողջ համագործակցութեան խիստ անհրաժեշտ տուեալը:

Օրուան հանդիսավարն էր Գոհար Յակոբեան:

Եզրափակիչ պատգամով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ան զուգահեռներ գծեց Հալէպի եւ Սթոքհոլմի միջեւ, Քամիշլիի եւ Սոտերթելիըի միջեւ, հասարակ յայտարարը նկատելով սուրիահայութիւնը, ուր ծանօթ պատճառներով այնտեղ կը խամրի, հակառակ տոկալու ու գոյատեւելու իր բացառիկ վճռակամութեան, իսկ այստեղ փաստօրէն կը վերածաղկի, կը վերընձիւղի, նոր շունչ ու թարմութիւն կը ներարկէ համայնքին, կը ճառագայթէ:

Հրանդ Մարգարեան կոչ ուղղեց լիիրաւ կերպով մերուելու, համարկուելու արեւմտեան այս երկրին, անոր լեզուին, կենցաղային պայմաններուն հետ, որ նախապայման է զարգացման, յառաջդիմութեան ու յաջողութեան համար, սակայն միաժամանակ երբեք չձուլուիլ, ընդհակառակն՝ պահել ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցել մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ մեր ազգային ժառանգութիւնը:

Ապա Հրանդ Մարգարեան ընդգծեց մեր ակումբներուն, որոնց կարգին ա՛յս նորաբաց ակումբին անփոխարինելի դերը ոչ միայն հայապահպանման կենսական առաքելութեան մէջ, այլ մանաւանդ ազգակերտման գործընթացին մէջ, մեր ազգային-քաղաքական նպատակներուն ու պահանջատիրութեան կենսագործման մէջ:

Ան շեշտեց եւ կրկնեց, որ այս բոլորը, այսինքն՝ մեր ամբողջ աշխատանքը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի հիմնական մէկ հասցէ. Հայաստան: Ան ըսաւ, որ մեր առօրեայ աշխատանքն անգամ պիտի կամրջուի Հայաստանի ու Արցախի հետ, մեր նպատակակէտը պիտի ըլլայ մեր պետականութեան զարգացումը, վերելքը, հզօրացումը: <<Եւ այո՛, կարելի է Սփիւռք գտնուելով օժանդակել պետականաշինութեան էական գործընթացին, որուն միջոցները բազմազան են: Կարեւորը այդ գիտակցութիւնն է, զոր ունինք մենք իբրեւ կուսակցութիւն եւ զոր ունեցած ենք վերանկախութեան առաջին իսկ օրէն>>:

Իր խօսքը ուղղելով սրահը իր ներկայութեամբ ակներեւօրէն <<գրաւած>> երիտասարդութեան, Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ դաշնակցական երիտասարդը, ի տարբերութիւն այլոց, կը յատկանշուի իր յանձնառութեամբ, կարգապահութեամբ եւ գաղափարական աշխարհահեացքով, <<ուստի մեր սրբազան Դատին ի խնդիր շարունակեցէք մեր պայքարը եւ մնացէք յանձնառու, մինչեւ հակառակորդին դէմ վերջնական հատու յաղթանակը>>:

 



comments

Advertisement