By Asbarez | Tuesday, 23 January 2018
Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններուն աշխատանքները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ իբրեւ նախագահի թեկնածու Բրիտանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեանը առաջադրելը շատ լաւ որոշում է: Ըստ անոր՝ Արմէն Սարգսեան լաւագոյն թեկնածուն է նախագահի պաշտօնին համար. ան նաեւ ընդունելի եւ ընկալելի է Սփիւռքի մէջ:
<<Ան տարիներ շարունակ գործած է Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Անգլիոյ մէջ: Բայց ան նաեւ կը ճանչնայ Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները: Լաւ ընտրութիւն է: Ան Հայաստանի զարգացման գործին մէջ իր ներդրումը ունեցած է, եւ բոլոր հոսանքներուն հետ դրական յարաբերութիւններ հաստատած է>>, նշեց Փափազեան:
Մուրատ Փափազեան պատասխանելով <<Թերթ>>ի՝ արդեօք Սփիւռքը պէ՞տք է իր մասնակցութիւնն ու կարծիքը յայտնէ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն մասին հարցումին, յայտնեց, որ Հայաստանը կը շահի, երբ Սփիւռքը ներդրում ունենայ Հայաստանի մէջ, երբ Սփիւռքը կարենայ օժանդակել Հայաստանին նաեւ ներքաղաքական կեանքին մէջ:
<<Մենք ուրիշ նպատակ չունինք: Երբ մենք կ՛ըսենք, որ մէկ ժողովուրդ ենք, մէկ ազգ, նաեւ պէտք է ընդունինք, որ Սփիւռքի ներդրումը կրնայ դրական ըլլալ, երբ Սփիւռքը իր ներդրումը ունենայ նաեւ ներքաղաքական կեանքին մէջ, թէ ինչպէ՛ս, մանրամասնութիւններ չեմ տար, բայց պէտք է համախմբուիլ այդ հարցին շուրջ՝ այդպիսով շահ ապահովելով Հայաստանին>>, նշեց ան:
Հարցումին, թէ ներկայիս իշխանութիւնները կարեւոր կը նկատե՞ն Սփիւռքի կարծիքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ՝ Մուրատ Փափազեան պատասխանեց. <<Շատ անբաւարար ձեւով, եւ ատիկա մեղք է: Ես կրնամ հաստատել, որ այսօրուան իշխանութիւնները Սփիւռքը չեն արժեւորեր, Սփիւռքը պէտք է քաջալերեն, որ ներդրում ունենայ Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն տնտեսական, այլ նաեւ՝ Սփիւռքի փորձառութիւնը օգտագործեն: Վերջապէս, մենք ունինք կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ Սփիւռքի մէջ, եւ յատկապէս Դաշնակցութիւնը, որ ունի 127 տարուան լուրջ փորձառութիւն, ունի կապեր, ազդեցութիւն: Դժբախտաբար, անբաւարար ձեւով կ՛օգտագործուի այդ ուժը>>:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ սպասումներ կան նոր վարչապետի ընտրութենէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ տակաւին այս մասին որեւէ բան ըսել չի կրնար, քանի որ կուսակցութիւնը հարցը կը քննարկէ: <<Դաշնակցութիւնը տակաւին պիտի քննէ այս հարցը, եւ որոշում կայացնելէ ետք, ձեւով զայն կը ներկայացնենք հանրութեան>>, ըսաւ ան:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian