Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ցաւակցագիրը Ազնաւուրի Ընտանիքին

By Asbarez | Wednesday, 03 October 2018

1207aramcatholicos

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին՝ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը այս տխուր առիթով:

Ցաւակցագիրին մէջ վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն եզակի դերին, զոր Շարլ Ազնաւուր ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս: Վեհափառը նաեւ շեշտեց  Շարլ Ազնաւուրին բերած կարեւոր նպաստը հայ ժողովուրդի արդար դատին ճանաչման օտար շրջանակներէ ներս: Բնականաբար, հայրապետը նաեւ յիշեց մեծ երգիչին կարեւոր դերը Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն՝ անոր վերանկախացումէն ետք:

comments

Advertisement