By Asbarez | Thursday, 17 January 2019
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Պիզնըս Ճըրնըլ».- Ուտեստեղէնի մարզը ներկայացնող թրքական պատուիրակութիւն մը Քալիֆորնիա պիտի այցելէ յառաջիկայ շաբաթ, նահանգին գործարարներուն հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու, ինչպէս նաեւ նահանգին հետ առեւտուրը զարգացնելու կարելիութիւնները քննելու համար։
25 հոգինոց պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ 14 ընկերութիւններ։
Պատուիրակութիւնը 15 Յունուարին հանդիպում մը պիտի ունենար Ֆրեզնոյի Առեւտուրի գրասենեակին, Ֆրեզնօ գաւառի տնտեսական զարգացման հաստատութեան եւ Ֆրեզնօ գաւառի հողագործական գրասենեակին ներկայացուցիչներուն հետ։
Այս այցելութեան մասին տեղեկութեան հրապարակումէն ետք շրջանի հայութեան մօտ բարձրացած բողոքի ալիքին մասին պատկան մարմիններուն զեկուցած են Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ Ֆրեզնոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սեւակ Թաթէոսեան։
Անսալով հայ գաղութի արտայայտած դժգոհութեան, Ֆրեզնոյի Առեւտուրի գրասենեակը, Ֆրեզնօ գաւառի տնտեսական զարգացման հաստատութիւնը, Ֆրեզնօ գաւառի Հողագործական գրասենեակը, պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ Ֆրեզնօն ներկայացնող Անտրէաս Պորկաս միացեալ յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցին, որ նշեալ հանդիպումները ջնջուած են։
Արեւմտեան Միջերկրականի արտադրողներու միութեան անունին տակ գործող թրքական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ծրագրած են նաեւ Լոս Անճելըսի (17 Յունուար) եւ Սան Ֆրանսիսքոյի (14 Յունուար) մէջ։
Պատուիրակութեան այցելութիւնը համակարգուած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան կողմէ։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian