Փայլանի Եւ 43 Այլ Ընդդիմադիր Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութիւնը Խլելու Նոր Փորձ

By Asbarez | Monday, 08 April 2019

0402paylan

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը 44 երեսփոխաններ անձեռնմխելիութենէ զրկելու նպատակով՝ դիմում կատարած է խորհրդարանին:

Յատկանշական է, որ դիմումը ուղարկուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարաման մարմիններու ընտրութիւններէն միայն մէկ օր առաջ՝ 30 Մարտին:

44 դիմումներէն 39ը կը վերաբերին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորներուն, որոնց մէջ են նաեւ Տիգրանակերտէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւ կուսակցութեան համանախագահներ Սեզայի Թեմելլի եւ Փերվին Պուլտան:

Յիշեցնենք, որ Փայլանի դէմ Անգարայի եւ Տիգրանակերտի դատախազութիւններուն ներկայացուած են երկու այլ հետաքննութիւններ՝ անոր անձեռնմխելիութիւնը խլելու համար։

5 այլ դիմումները կը վերաբերին գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն պատգամաւորներու, ներառեալ կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուին։

comments

Advertisement