Փարիզի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Ազնաւուրի Կիսանդրին

By Asbarez | Friday, 04 October 2019

Aznavour Bust in Paris

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աշխարհահռչակ երգիչ ու յօրինող Շարլ Ազնաւուրի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, 1 Հոկտեմբերին, Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որուն ընթացքին «Ազնաւուր» հիմնարկը մեծանուն արուեստագէտին կիսանդրին յանձնեց Փարիզի քաղաքապետարանին։ Քանդակը յետագային պիտի զետեղուի Փարիզի այն թաղամասին մէջ, ուր անցած է Ազնաւուրի մանկութիւնը։

Կիսանդրին պատրաստուած է հայ քանդակագործ Ալիս Մելիքեանի կողմէ՝ ի յիշատակ 1964ին Ազնաւուրի Հայաստան կատարած այցելութեան։

«Ազնաւուր» հիմնարկը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Փարիզի քաղաքային իշխանութիւնները որոշած են քանդակը զետեղել քաղաքի սիրտին մէջ, որպէսզի մայրաքաղաքի բնակիչները եւ այցելուները զգան Ազնաւուրի »ներկայութիւն«ը։

Կիսանդրիին յանձնման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ազնաւուրի զաւակը՝ »Ազնաւուր« հիմնարկի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր։

«Շարլ Ազնաւուր սերտօրէն կապուած է Փարիզի եւ հիմնարկը անկեղծօրէն երախտապարտ է Փարիզի քաղաքապետարանին՝ այս միջոցառման եւ կիսանդրին զետեղելու հարցին մէջ ցուցաբերուած մեծ պատրաստակամութեան ու աջակցութեան համար», յայտնեց Նիքոլա Ազնաւուր։

Կիսանդրին յանձնելու արարողութեան ներկայ էին Ազնաւուրի ընտանիքի անդամները, ընկերներ, ֆրանսացի պաշտօնեաներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Յիշեցնենք, որ Մայիս 2019ին, ի յիշատակ Ազնաւուրի՝ յուշատախտակ մը զետեղուեցաւ պատին Փարիզի մէջ այն շէնքին, որ եղած էր Ազնաւուրի առաջին բնակարանը։

Ազնաւուրի արձանին զետեղումը կ՛ակնկալուի քանի մը ամիսէն։

«Ազնաւուր» հիմնարկը կը նախաձեռնէ եւ կը համակարգէ այս իրադարձութիւնները՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, որն է՝ պահպանել ու տարածել աշխարահռչակ երգիչին մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։

comments

Advertisement