Լիբանանի Ցոյցերը Երկու Զոհեր Եւս Կը Խլեն, Մինչ ՄԱԿը Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ընէ

By Asbarez | Wednesday, 27 November 2019

1127leb

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու շրջագիծին մէջ, շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լուր մը, թէ նախագահ Միշել Աուն մօտ ատենէն երեսփոխանները պիտի հրաւիրէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու: Սակայն, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի աղբիւրները ոչինչ յայտնեցին այս մասին։

Միւս կողմէ, «Հըզպալլա»ի պատասխանատուներ ընդգծեցին, որ կը նախընտրեն քաղաքագէտներ ընդգրկող մասնագէտներու կառավարութիւն մը՝ աւելցնելով, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը ամերիկեան նախապայմաններու ենթակայ չի կրնար ըլլալ:

Միւս կողմէ, շիիներու «Հըզպալլա»ի եւ «Ամալ» կուսակցութեանց հետեւորդներ հրկիզեցին Սուրի հրապարակին վրայ լարուած վրանները, իսկ Քոլայի մէջ լսուեցան հրացանաձգութեան ձայներ՝ «Հըզպալլա»ի, «Ամալ»ի եւ Հարիրիի «Մուսթաքպալ» հոսանքի հետեւորդներուն միջեւ, որոնք բարեբախտաբար մարդկային վնասներու պատճառ չդարձան։

Աւելի ուշ, «Մուսթաքպալ»ը հետեւորդներէն պահանջեց ոչ մէկ բողոքի ցոյցի մասնակցիլ:

Ցուցարարներուն կողմէ ճամբաներ փակելու իբրեւ հետեւանք, Երկուշաբթի օր Ժիէի մայրուղիին վրայ արձանագրուեցաւ ահաւոր դէպք մը, երբ հարաւէն Պէյրութ եկող ինքնաշարժ մը հրդեհ առաւ՝ պատճառելով երկու քաղաքացիներու մահը: Ինքնաշարժէն կրցաւ փրկուիլ մէկ հոգի:

Շիիներու Գերագոյն խորհուրդը խստիւ դատապարտեց հարաւէն Պէյրութ փոխադրուող քաղաքացիներուն սպանութիւնը պատճառած դէպքը, որ հետեւանք էր ցուցարարներուն կողմէ ճամբաները փակելու եւ քաղաքացիներուն երթեւեկի իրաւունքին դէմ ոտնձգութիւն գործելու քայլերուն:

Երկուշաբթի երեկոյեան, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն երկխօսութեան կոչ ուղղեց՝ ընդգծելով ժողովուրդի պահանջներուն ընդառաջելու կարողութիւն ունեցող կառավարութեան մը կազմութեան կարեւորութիւնը:

Ապահովութեան խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց ցոյցերու խաղաղ բնոյթին պահպանումը՝ յորդորելով կանխարգիլել վայրագութիւնն ու յարգել խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքը, միաժամանակ դրուատելով ապահովութեան ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն իրաւունքը պաշտպանելու քայլերը:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ զգուշացուց Լիբանանի բողոքի ցոյցերը համայնքային բախումներու վերածելու հաւանականութենէն:

Նաեւ, Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հաստատեց, որ Մոսկուայի համար ժողովրդային շարժումի քայլերը ողջունելի չեն՝ նկատի ունենալով, որ անոնք երկրին մթնոլորտը կ՛առաջնորդեն դէպի յաւելեալ լարուածութիւն:

comments

Advertisement