Մահացաւ Հայ Ժողովուրդի Դատի Պաշտպան Լէանտրօ Տեսպուի

By Asbarez | Friday, 20 December 2019

1220leandro-despoy

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- 72 տարեկանին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝ մահացաւ արժանթինցի իրաւագէտ եւ մարդկային իրաւունքներու ռահվիրայ Լէանտրօ Տեսպուի։

Տեսպուի անգնահատելի ներդրում ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին՝ 1985ի ՄԱԿի Ենթայանձնախումբի պատմական որոշումին մէջ, Էրիքա Տայէսի, Լուի Ժոանէթի, Թէօ Ֆան Պովէնի եւ ուրիշներու կողքին։

Տասնամեակներ շարունակ ան մնաց հայ ժողովուրդի ճակատագիրին ու նորագոյն պատմութեան ուղեկից՝ ըլլալով նաեւ հաւատարիմ գաղափարի ընկեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

comments

Advertisement