By Asbarez | Wednesday, 26 August 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 25 Օգոստոսին հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեանն՝ նուիրուած լիբանանահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագիրներուն։
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զեկուցումով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայկական համայնքին նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքները կազմակերպող եւ համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար, Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական-յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունց։ Ըստ անոր՝ բացի պետական պիւտճէի պահեստային ֆոնտի միջոցներէն վերջերս յատկացուած 25 միլիոն դրամ օժանդակութենէն, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան արտապիւտճէական հաշիւին մէջ հաւաքագրուած է աւելի քան 17 միլիոն դրամ, եւ զայն աւելցնելու համար զանազան նախաձեռնութիւններ կը կատարուին:
Հիւսնունց տեղեկացուց նաեւ, որ Լիբանանէն Արցախ հասած են առաջին երկու հայրենադարձ ընտանիքները, որոնց կեցութեան համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները:
Նախագահ Յարութիւնեան շեշտեց, որ չափազանց կարեւոր է պահպանել Լիբանանի հայկական համայնքը՝ իբրեւ կայացած գաղութի ամբողջականութիւն, որուն իր ուժերուն ներածին չափով կը նպաստէ նաեւ Արցախի կառավարութիւնը։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian