Ցեղասպանութեան Հարցը Քննուեցաւ Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին Մէջ

By Asbarez | Sunday, 04 April 2010

<<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Երկուշաբթի, Մարտ 29ի ուշ երեկոյեան, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ <<Իրադարձութիւնները Հայաստանի մէջ 1915-1917 թուականներուն>> թեմայով քննարկում։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած քննարկման սկիզբը պարոնուհի Քոքս ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերը, ժամանակի բրիտանացի եւ միջազգային գործիչներու արձագանգը սոյն դէպքերուն, եւ Բրիտանիոյ ունեցած փաստաթուղթերը՝ դարասկիզբի հայկական ջարդերուն մասին։ Ան կոչ ուղղած է Բրիտանիոյ կառավարութեան միանալու քաղաքակիրթ ազգերուն, որոնք արդէն իսկ ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Անոր կեցուածքին սատարող ելոյթներ ունեցած են Լորտերու պալատի քանի մը անդամներ։

Ի պատասխան պարոնուհի Քոքսի հարցադրման, պարոնուհի Կլենիս Քինոք, որ Լորտերու պալատին մէջ կը ներկայացնէ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յայտարարած է. <<Բրիտանական կառավարութիւնը կը յիշէ դարասկիզբի ցաւալի դէպքերը, սակայն չի կրնար առնել որեւէ քայլ, որ պիտի խոչընդոտէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման>>։ Ան հաւաստած է, որ կառավարութիւնը խորապէս կը ցաւի <<հարիւր հազարաւոր հայերու համար, որոնք մահացած են սովէն ու համաճարակներէն՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին սկիզբը>>:

Քինոկ նշած է, որ Մեծն Բրիտանիան կը խրախուսէ Թուրքիոյ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել հարեւաններու հետ, քանի որ այդ մէկը Եւրոմիութեան անդամակցելու պահանջներէն մէկն է:
Պարոնուհի Կլենիս Քինոկ յայտնած է նաեւ, որ հայ բնակչութիւնը ոչնչացուած է ամենադաժան եւ բարբարոսական միջոցով, եւ ատիկա եղած է մարդկութեան ու հայութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն: <<Այդ իրադարձութիւնները չեն կրնար մոռցուիլ, բայց հայերը պէ՛տք է առաջ ընթանան: Հայերն ու թուրքերը պէտք է ապրին յանուն ապագայի: Անոնք ստորագրած են հաշտութեան վերաբերեալ դիւանագիտական արձանագրութիւններ, բայց այդ գործընթացը փակուղի մտած է՝ հակառակ ԱՄՆի կողմէ ճնշումներուն:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ Հայաստանի խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ արձանագրութիւնները, երբ անոնք վաւերացուին Թուրքիոյ կողմէ: Եթէ Թուրքիան ողջամիտ ժամկէտներու մէջ չընէ ատիկա, ապա Հայաստանը պիտի հրաժարի ստորագրութենէն: Իշխանութիւնները պէտք է աշխատին եւ վաւերացնեն արձանագրութիւնները՝ հնարաւորինս շուտ: Երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցով որոշ յաջողութեան մը հասնելէ ետք, Էրտողան կը սպառնայ վտարել այն 100 հազար հայերը, որոնք ապօրինի կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամ դառնալու հեռանկարը կը ստիպէ անոր փոխել իր դիրքորոշումը՝ կառուցողական իմաստով, եւ ուսումնասիրել իր անցեալը>>, ընդգծած է ան՝ կոչ ընելով ազատ պատմական քննարկում ծաւալելու:

Քարոլայն Քոքս, իր կարգին հաստատած է, որ արդէն ժամանակն է ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս նկատի առնելով, որ այս տարի կը լրանայ անոր 95րդ տարելիցը: Անոր կարծիքով, թրքական ներկայ իշխանութիւնները կը ժխտեն, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացած են հայերու զանգուածային կոտորածներ, ու անոնք դէմ են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

<<Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է դադրին խեղաթիւրելէ պատմութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը կը նշանակէ հրաժարիլ պատմական ճշմարտութենէն: Իրական փաստերէն հրաժարումը կը վկայէ, որ Ցեղասպանութիւն, իսկապէս, եղած է: Այդ իրադարձութիւնները չեն մոռցուիր մարդկութեան կողմէ, քանի որ սպաննուած է ամբողջ ժողովուրդ մը, ներառեալ՝ կանայք եւ երեխաներ: 1915ի գարնան հայերը տեղահանուած են, իսկ տղամարդիկ առանձնացուած ու սպաննուած են:

Ցեղասպանութեան ժխտումը անպատժելիութեան կը տանի: Ժխտման քաղաքականութիւնը յանգած է մշակոյթի ոլորտին մէջ հայկական քաղաքակրթութեան ոչնչացման, ներառեալ՝ նաեւ ԼՂՀի: Ակնյայտ է, որ իրականացած են ցեղային զտումներ: Ամէն տարի հայերը իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ժխտման քաղաքականութիւնը սպառնալիքի տակ կը դնէ ողջ աշխարհը>>, ընդգծած է պարոնուհի Քոքսը:

Ելոյթ ունեցող շարք մը այլ խորհրդարանականներ, իրենց կարգին նշած են, որ 1915ին թրքական կառավարութիւնը ծրագրած է հայերու զանգուածային սպանութիւններ, որոնք հանդիսացած են հայ-թրքական յարաբերութիւններուն աւարտը: <<Թուրքիան կրնար ներողութիւն խնդրել Հայաստանի կառավարութենէն՝ հետապնդելուն եւ աքսորելուն համար այն գրողները, որոնք գրած են ճշմարտութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած այդ սարսափելի դէպքերուն մասին>>, յայտարարած են անոնք:

Լորտերու պալատին մէջ հնչած են նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ կարծիքներ: Այդ ուղղութեամբ ելոյթ ունեցողներէն մէկը յայտարարած է, որ <<Նպատակայարմար չէ մանրամասնօրէն կանգ առնելը 100ամեայ վաղեմութեան իրադարձութիւններուն վրայ: Շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար լուծել ԼՂ խնդիրը, եւ ոչ թէ քննարկել, թէ ի՞նչ եղած է 100 տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Մեծն Բրիտանիան պէտք է յիշէ, որ Քեմալ Աթաթուրքը եղած է իր դաշնակիցը եւ մենք շնորհակալ ենք անոր, որ Թուրքիան մասնակցած է Եւրոպայի ազատագրման: Այդ պատճառով, ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք, որպէսզի չվանենք մեր թուրք դաշնակիցները, նկատի առնելով այն փաստը, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի համապատասխան յանձնաժողովը կողմ քուէարկած է այդ բանաձեւին>>:

Աւարտին, պարոնուհի Քոքս, որ Լորտերու պալատի հայկական խորհրդարանական խմբակի նախագահն է, խոստացած է շարունակել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին քննարկումը, մինչեւ կարելի ըլլայ զայն քուէարկութեան դնել:

 

comments

Advertisement