Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ՝ Իսլանտայի Երեսփոխաններէն

By Asbarez | Monday, 16 April 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսլանտայի խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներ առաջարկած են  կառավարութեան, որ պաշտօնապէս ճանաչնայ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 20րդ դարու սկիզբը իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:

Ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի»ի՝ այս առաջարկութեան հեղինակն է «Շարժում» կուսակցութենէն Մարկրիթ Թրիկուաթոթին: Կոչին միացած են նաեւ անոր կուսակիցներէն երկուքը եւ «Համերաշխութիւն» եւ «Լուսաւոր ապագայ» կուսակցութիւններէն երեսփոխաններ:

comments

Advertisement