By Asbarez | Tuesday, 17 April 2012
Genocide1915.org-ը տեղեկատուական կայք է՝ նուիրուած 1915ի Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Ցեղասպանութեան, որուն հետեւանքով հալածանքներու ենթարկուած են հայերը, ասորիները, ինչպէս նաեւ Անատոլիոյ եւ Պոնտոսի յոյները:
Հակառակ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տեղեկատուական բազմաթիւ այլ կայքերու առկայութեան՝ նոր genocide1915.org կայքը կոչուած է հանրութեան բացատրելու՝ Ցեղասպանութան էութիւնը, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը եւ ճանաչման գործընթացը. անիկա պիտի տրամադրէ այլ տեղեկութիւններ եւ նիւթեր՝ ներառեալ լուսանկարներ ու տեսանիւթեր:
Genocide1915.org կայքը շուէտերէն Folkmordet1915.org կայքի անգլերէն տարբերակն է, որ ստեղծուած է Շուէտի Ռիքսթակին (խորհրդարանին) կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզարշաւի ծիրէն ներս:
Genocide1915.org-ը ստեղծուած է Armenica.org-ին կողմէ՝ Շուէտի հայկական ընկերակցութիւններու միութեան հետ գործակցաբար:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan