Կիւլի Դէմ Հայերու, Ասորիներու, Քիւրտերու Եւ Թուրքերու Ցոյցեր՝ Հոլանտայի Մէջ

By Asbarez | Monday, 16 April 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի քրտական, հայկական, ասորական եւ թրքական կազմակերպութիւններ բողոքի մեծ ցոյց մը կազմակերպած են Հոլանտայի մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի Հոլանտա այցելութեան առիթով: Կիւլ Հոլանտա կ՛այցելէ նշելու համար Թուրքիա-Հոլանտա յարաբերութիւններու 400ամեակը եւ այդ պատճառով, ցուցարարները Կիւլի դէմ իրենց արշաւը կոչած են՝ «400 տարիներու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, ցեղասպանութիւն, կոտորած»:

«Հակահայ քաղաքականութիւնը 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք չէ դադրած, եւ անիկա կը շարունակուի մերօրեայ Թուրքիոյ մէջ», ըսուած է ցոյցին ընթացքին, եւ իբրեւ փաստ նշուած են Հայաստանի հետ փակ սահմաններու առկայութիւնը, Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եւ անոր իսկական մեղաւորներուն անպատիժ մնալը, հայերու նկատմամբ ատելութեան արմատացումը եւ այլն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին կայանալիք ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Հոլանտայի խորհրդարանին առջեւ գտնուող հրապարակին վրայ:

Կազմակերպութիւնները նաեւ կոչեր պիտի ընեն Թուրքիոյ մէջ խօսքի ու դաւանանքի ազատութեան, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները բարելաւելու, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, քիւրտերուն վիճակը բարելաւելու եւ ալաուիներու հարցերուն աւելի լրջութեամբ մօտենալու համար:

comments