By Asbarez | Wednesday, 18 April 2012
Հայկ Յարութիւնեանի «Արեւմտահայաստան. կորուսեալ հայրենիք» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ, Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ի երեկոյեան, բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած շարժապատկերներու շաբթուան՝ կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման լիբանանահայ մարմինին:
«Արեւմտահայաստան. կորուսեալ հայրենիք»ը շուրջ երկու ժամուան ընթացքին լիբանանահայ ունկնդիրին ծանօթացուց բռնագրաւեալ Հայաստանի 12 գլխաւոր քաղաքները՝ իրենց պատմամշակութային հարստութիւններով եւ ազգային իւրայատկութիւններով: Արմինէ Յարութիւնեանի բեմագրութեամբ 2007ին պատրաստուած այս ժապաւէնը հետաքրքրական ուղեւորութիւն մըն է դէպի Կարս, Դարոյնք, Անի, Բերկրի, Դատուան, Վան, Բաղէշ, Մուշ, Բասէն, Թորթում, Արտուին եւ Կարին:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan