Ապրիլ 24ը Որուկուէյի Վարժարաններու Օրացոյցին Մէջ

By Asbarez | Thursday, 19 April 2012

Մոնթեվիտէոյի «Կոմիտաս ռատիօժամ»էն Կարօ Հէքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ ընթացք տալով Ուրուկուէյի մէջ գործող Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութեան առաջարկին՝ երկրի Հանրային վարժարաններու կրթութեան ազգային խորհուրդը որոշած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրը՝ Ապրիլ 24ը, ներառել հանրային վարժարաններու տեղական եւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող թուականներու օրացոյցին մէջ:

Հանրային վարժարաններու կրթութեան ազգային խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ այլ կարեւոր թուականներու կողքին, Ապրիլ 24ը պէտք է նշել իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, եւ այս կապակցութեամբ՝ պարտականութիւն տալ Ուրուկուէյի ամբողջ տարածքին գործող հանրային նախակրթականներու, միջնակարգերու եւ բարձրագոյն ուսումնական կեդրոններու դաստիարակներուն՝ այդ օրուան մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ խորհրդածելու առիթ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ այդ ահաւոր դէպքին պատճառներուն մասին կարծիք յայտնելու:

comments

Advertisement