Բողոքի Ցոյց՝ Թուրքիոյ Մէջ Սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի Յիշատակին

By Asbarez | Monday, 23 April 2012

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տարաբախտ նահատակ Սեւակ Պալըքճը, որ զինուորական պարտականութեան ընթացքին, անցեալ տարի Ապրիլ 24ին, իր զինակիցին կողմէ սպաննուած էր Պաթմանի ոստիկան զօրաց կեդրոնատեղիին մէջ, Շաբաթ, Ապրիլ 23ին ոգեկոչուեցաւ իր նահատակութեան Ա. տարելիցին առթիւ:

Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա բարեկամներ ու ազգականներ մէկտեղուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Սեւակի դամբարանին քով։ Հոն էին Սեւակի ծնողները՝ Անի եւ Կարապետ Պալըքճըներ, քոյրը՝ Լեռնան, Հրանդ Տինքի այրին, երեսփոխաններ Ուֆուք Ուրաս եւ ուրիշներ։ Սեւակի հայրը ըսաւ, որ սպանութիւնը ցեղապաշտութեան հետեւանքով կատարուած էր եւ, դժբախտաբար, ոճրագործը ներկայիս ազատ է։ «Ուրեմն արդարութիւնը այսպէ՛ս կը գործադրուի։ Միշտ կ՛երթամ դատական նիստերուն։ Վկաները իրենց վախէն ու ստիպողաբար՝ անընդհատ կը փոխեն իրենց վկայութիւնները։ Բայց ձեզի կը վստահեցնեմ, որ մինչեւ վերջ պիտի պայքարիմ», ըսաւ Կարապետ Պալըքճը։

Միւս կողմէ՝ Սեւակ Պալըքճըի նահատակութեան Ա. տարելիցին առթիւ, Թաքսիմի մէջ բողոքի ցոյց մը կազմակերպուեցաւ։ Հասարակական խումբ մը կազմակերպութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչում մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Սեւակի մերձաւորները։ Բացի Սեւակէն, ոգեկոչուեցան նաեւ այն զինուորները, որոնք կասկածելի պայմաններու տակ իրենց կեանքը կորսնցուցած էին, զինուորական պարտականութեան ընթացքին։ Բողոքի ցոյցը սկսաւ ժամը 1ին, Կալաթասարայի հրապարակին վրայ։ Ցուցարարներ կը կրէին «Բոլո՛րս Սեւակ ենք, բոլո՛րս հայ ենք», «Չենք մեռնիր, չենք մեռցուիր, ո՛չ մէկուն զինուորը պիտի ըլլանք», «Մերժէ՛, ո՛չ ըսէ, զինուոր մի՛ ըլլար», «Ոճրագործ պետութիւնը պատասխան պիտի տայ», «Ֆաշականներ կը սպաննեն, պետութիւնը կը պաշտպանէ», «Զինուորութեան մի՛ երթար, եղբայրդ մի՛ սպաններ», «Զինուորականութիւնը կը սպաննէ» եւ այլ լօզունգներով վերտառութիւններ, ու հասնելով Թաքսիմի հրապարակ՝ յայտարարութիւններ ըրին մամուլին։

Ելոյթ ունեցողները ըսին, թէ Սեւակ Պալըքճըի սպանութեան դատավարութիւնը ցոյց կու տայ, որ դատական գործընթացը արդար գնացք մը չունի։ Սեւակի զինակիցները կը շարունակեն իրենց վկայութիւնները փոխել, որովհետեւ մութ ուժեր կ՛ահաբեկեն զանոնք ու կը ստիպեն իրենց ուզածը ընել։ «Մենք այս խաղերուն ականատես եղանք Հրանդ Տինքի դատավարութեան ընթացքին։ Հիմա՛ ալ նոյնը կը պատահի Սեւակի սպանութեան առնչութեամբ», նշեցին ելոյթ ունեցողներ՝ աւելցնելով հետեւեալը. «Դժբախտաբար Սեւակի ոճրագործը տակաւին ազատ է։ 24 Ապրիլ թուականը կը մօտենայ եւ դարձեա՛լ տեսանք, որ 1915ի նման, այս երկրին մէջ հայ մը սպաննելը յանցանք չի նկատուիր ու ոճրագործներ չեն դատապարտուիր»։

Սեւակի մայրը՝ Անին, Սեւակի մասին պատմած է թրքական «Վաթան» օրաթերթին՝ ըսելով, թէ անոր ծնունդէն ետք երբ զայն հիւանդանոցէն տուն բերին, Ապրիլ 24ին, նկատած է, որ նորածինին ձեռքերն ու ոտքերը կապտած են: «Հիւանդանոց տեղափոխուեցանք ու մէկ օրուան ընթացքին անոր սիրտը երեք անգամ կանգ առաւ: 25 տարի անց՝ նոյն օրը, երկրորդ անգամ մահացաւ տղաս», ըսած է մայրը:

comments