By Asbarez | Sunday, 18 April 2010

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի, 12 Ապրիլի երեկոյեան, հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի պատուիրակութեան հետ:
ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հայկ Օշական եւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեան:
Նախագահի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպման ընթացքին <<Քննարկուել են հայապահպանութեան, հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններին եւ այդ յարաբերութիւնների ամրապնդման գործում՝ Սփիւռքի կառոյցների դերին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սարգսեանը յանձնախմբի անդամների հետ զրուցել է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին մասին>>:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Արցախի հիմնահարցի բանակցութեանց ներկայ փուլը, Հայաստանի հանրապետութեան եւ Արցախի համար Սփիւռքի մէջ տարուող քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:
Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտեան, ԱՄՆի նախկին նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի դամբարանին առջեւ նախագահ Սարգսեանի ելոյթէն ետք, <<Արմինիըն Ուիքլի>>ի խմբագիրին հարցումին պատասխանելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան յայտնած էր. <<Մենք լսեցինք նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը, որ գլխաւորաբար յարգանքի արտայայտութիւն էր նախագահ Ուիլսընի յիշատակին, հայ ժողովուրդին հանդէպ անոր ունեցած բարեկամութեան համար: Նախագահ Ուիլսըն կը խորհրդանշէ շատ աւելին քան պարզապէս հայութեան հետ անոր բարեկամութիւնը: Ուիլսըն ճարտարապետն է <<Ուիլսընեան Հայաստան>>ին, որ կը ներկայացնէր անկախ Հայաստանի այն սահմանները, ուր ներառուած էին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ բռնագրաւուած հայկական նահանգները: Մենք կը գնահատենք նախագահ Սարգսեանի խորհրդանշական այս այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ այս առթիւ իր ունեցած ելոյթը:
<<Այսուհանդերձ, այս խորհրդանշական արարքը իր իսկական իմաստը կը գտնէր եւ կ՛ունենար իր տրամաբանական շարունակութիւնը, եթէ նախագահ Սարգսեան յետ քաշէր իր ստորագրութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն>>:
Նշենք նաեւ, որ նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին, դոկտ. Յովսէփեան նոյն այս միտքը փոխանցած է նախագահին՝ յայտնելով, որ այս գործընթացին վերաբերեալ Դաշնակցութեան մտահոգութիւնները ամբողջութեամբ կը փարատին միայն այն ատեն, երբ Հայաստան կը յայտարարէ գործընթացէն դուրս գալու իր որոշումը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan