By Asbarez | Friday, 27 April 2012
Ապրիլ 24ին Միացեալ մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարեդարձին նուիրուած յուշահանդէսը, Հայկական Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին մօտ:
Ներկայ էին քաղաքական դէմքեր, համայնքի ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 3000 հայորդիներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թոմիկ Ալեքսանեան, որ յանուն Միացեալ մարմինին՝ ողջունեց ներկաները՝ նշելով, որ 21 երկիրներ եւ ԱՄՆի 43 նահանգներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, եւ որ Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ մարմինը, որ կազմակերպիչն է այս ձեռնարկին, աստիճանաբար առաւել մեծ թիւով կազմակերպութիւններ կ՛ընդգրկէ եւ այսօր ունի 36 կազմակերպութիւններ, որոնք բոլորն ալ ներկայացուած էին սոյն միջոցառման (կազմակերպութիւններու ցանկը տեսնել առանձնաբար):
Ապա ՀԲԸՄի եւ ՀՄԸՄի սկաուտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Րաֆֆի Քէրպապեանի կատարողութեամբ հնչեցին ԱՄՆի եւ Հայաստանի օրհներգերը: Խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ, Քալիֆորնիոյ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը կատարեց «Ո՜վ հայոց աշխարհ», «Սարդարապատ» եւ «Երեւան-Էրեբունի» երգերը:
Օրուան հանդիսավարն էր Միացեալ մարմինի անդամ՝ Հայկական Միացեալ Հիմնադրամի (United Armenian Fund) ներկայացուցիչ Յարութ Սասունեանը, որ անդրադարձաւ այն փաստին, թէ բազմաթիւ երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ աւելցուց, թէ այս տարի եւս ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա հայութեան Եղեռնը չէ անուանած ցեղասպանութիւն՝ Օպամային այս դիրքորոշումը գնահատելով որպէս հարուած հայութեան եւ ԱՄՆի համաշխարհային վարկին:
Հանդիսավարը հերթականութեամբ բեմը տրամադրեց յուշահանդէսին մասնակից պաշտօնատար անձանց:
Ելոյթ ունեցողներու շարքին էր ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ Հայկական հարցի ճանապարհին կանգնած շարք մը խոչընդոտներէն առանձնացուց Թուրքիոյ կողմէ հայութիւնը պառակտելու փորձերը, եւ համոզում յայտնեց, թէ այդ փորձերը ապարդիւն պիտի մնան:
Միացեալ մարմինի անդամ՝ Հայ իրաւաբաններու միութեան կողմէ ելոյթ ունեցաւ Կարօ Ղազարեան: Ան իր խօսքը սկսաւ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Եղիշէ Չարենցի ստեղծագորղութիւններէն մէջբերում կատարելով եւ շեշտելով, որ Անգարայէն մինչեւ Ուաշինկթըն, Երեւանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, մենք պէտք է բարձրաձայնենք, թէ պիտի չմոռնանք եւ ըսենք. «Ո՛չ կը նահանջենք, ո՛չ կը հրաժարինք. մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք, մենք կու գանք»:
Փօլ Գրիգորեան իր կարգին նշեց, թէ հայութիւնը այսօր ալ կը դիմագրաւէ ոչնչացման վտանգը եւ թէ պէտք է շարունակենք պայքարիլ ու ապացուցել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան փորձը ձախողած է:
Կրեկ Գրիգորեան անդրադարձաւ այն փաստին, որ Թուրքիան գովազդներու միջոցով կը գովերգէ այդ երկրի գեղեցկութիւնը, պիպլիական Արարատը, մինչդեռ այդ բոլորը Հայաստա՛ն, եւ մենք պէ՛տք է պահանջենք Արարատը:
Միացեալ մարմինին անունով, անգլերէնով ելոյթ ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան՝ ընդգծելով, որ հիմա գործելու ժամանակն է եւ թէ Հայաստանի հանդէպ իրագործուող քաղաքականութիւնը նոյն Փանթուրքիզմի քաղաքականութիւնն է, եւ դիտելով մեր հայրենիքին քարտէսը՝ լաւագոյնս կարելի է հասկնալ այդ մէկը:
Դարձեալ Միացեալ մարմինին կողմէ հայերէնով ելոյթ ունեցաւ նոյն մարմինի անդամ Գէորգ Հալէպլեան: Ան հաստատեց, թէ Թուրքիոյ վարած այսօրուան քաղաքականութիւնը ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է, եւ հայութիւնը կարիքն ունի միասնական ռազմավարութիւն մշակելու՝ դիմագրաւելու համար սպառնացող վտանգները:
Ելոյթ ունեցան նաեւ ամերիկեան պաշտօնատար անձինք, ինչպէս՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւ ուրիշներ, որոնք վերահաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ այդ փաստի ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:
Ապա հանդիսավար Յարութ Սասունեան բեմը տրամադրեց օրուան գլխաւոր բանախօս, միջազգային համբաւ վայելող, ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնիին՝ տալով նաեւ անոր գիտական գործունէութեան հակիրճ բնութագրումը:
Իսրայէլ Չարնի Լոս Անճելըս կը գտնուի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ մարմինին հրաւէրով: Փրոֆ. Ի. Չարնի հսկայական աշխատանք կատարած է ցեղասպանութիւններու հետազօտման ուղղութեամբ, ցեղասպանութեան հանրագիտարանի մը հեղինակ է եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան: Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ հայութիւնը զայրոյթ կ՛ապրի, սակայն այդ զայրոյթը, որ առողջ զգացում է, պէտք է զուգակցել գործունէութեան հետ: Ան խօսեցաւ նաեւ Right to Life-ի մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար:
Ձեռնարկի աւարտին, Միացեալ մարմինի քարտուղար եւ ՀԱՍԿ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արուս Ղազարեան ընթերցեց Միացեալ մարմինի անդամ կազմակերպութեանց անունները, որոնք ծաղկեպսակ մատուցեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին: Այնուհետեւ գաղութիս հոգեւոր առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վերապատուելի Ժոզէֆ Մարտիրոսեան, Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գրիգոր Շահինեան, Վաչէ արք. Յովսէփեան եւ ներկայ ողջ հոգեւորական դասը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին՝ եզրափակելով Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած յուշահանդէսը:
ԸՆԹՐԻՔ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ՓՐՈՖ. Ի. ՉԱՐՆԻԻ
Ապրիլ 21ին, կազմակերպութեամբ Միացեալ մարմինին, Հոլիվուտի «Գաւառ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ըմթրիք մը՝ ի պատիւ Իսրայէլէն ժամանած յայտնի ցեղասպանագէտ եւ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարեդարձի գլխաւոր բանախօս փրոֆ. Իսրայէլ Չարնիի:
Ընթրիքին բացումը կատարուեցաւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի աղօթքով, որուն հետեւեցաւ Միացեալ մարմինի համա-ատենապետ Ժան Գոսագեանի ողջոյնի խօսքը՝ ուղղուած գաղութիս զանազան կազմակերպութիւնները ներկայացնող շուրջ 150 հիւրերուն:
Ընթրիքին ներկայ էին նաեւ համալսարանի դասախօսներ՝ փրոֆ. Հրայր Տէօքմէճեան, փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան եւ Վահրամ Շէմմասեան: Միացեալ մարմինի դիւանի անդամ Յարութ Սասունեան ներկայացուց փրոֆ. Ի. Չարնի գիտնականը եւ գնահատեց՝ ի նպաստ հայութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ անոր տարած աշխատանքը:
Պատասխան խօսքով հանդէս եկաւ փրոֆ. Ի. Չարնի, որ խօսեցաւ ընդհանրապէս ցեղասպանութեան երեւոյթին եւ մասնաւորապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր ճանաչման համար տարուող աշխատանքին եւ այդ աշխատանքի շարունակականութեան կարեւորութեան մասին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար:
Ընթրիքի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ մայր եւ դուստր Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեաններու, որոնք տաւիղով եւ սրինգով, իսկ Լիլիթ Խոջայեան՝ քանոնով, կատարեցին Խ. Աւետիսեանի ստեղծագործութիւններէն: Միացեալ մարմինի ատենապետ Դաւիթ Սամուէլեան, նուագակցութեամբ դաշնակահար Արամ Լեփէճեանի, կատարեց հրէական երկու եւ օրուան պատշաճ փունջ մը հայկական երգեր: Նախքան երգերու կատարումը, Դաւիթ Սամուէլեան եբրայերէնով ողջունեց փրոֆ. Ի. Չարնիին: Արուեստագէտներու բարձրարուեստ կատարումը իւրօրինակ շունչ եւ երանգ հաղորդեց պատուոյ երեկոյին:
(Լրատուութիւնը՝ Միացեալ Մարմինի Դիւանէն)
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan