Լիբանանահայ Երիտասարդները Կը Բողոքեն Թուրքիա-Լիբանան Խորհրդաժողովին Դէմ

By Asbarez | Thursday, 22 April 2010

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 19ին, Պէյրութի <<Մովեմփիք>> պանդոկին առջեւ 500 հայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց կատարեցին նոյն պանդոկին մէջ տեղի ունեցող Թուրքիա-Լիբանան առեւտրական խորհրդաժողովին դէմ:

Երկօրեայ այս խորհրդաժողովին դէմ բողոքող երիտասարդները եռագոյն դրօշներով եւ «առեւտուրը թանկ է, իսկ արդարութիւնը անգին» գրութիւնը կրող պաստառներով, ինչպէս նաեւ թուրք գործարարներու մեքենաներու վրայ հաւկիթներ նետելով արտայայտած են իրենց ընդվզումը:

comments