ԱԹԷՆՔ, <<Ազատ Օր>>.- ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ կիպրական-պոնտական-քրտական կազմակերպութիւններու, բողոքի ցոյց մը ծրագրած է Ուրբաթ, Մայիս 14ին, Աթէնքի Քլաթմոնոս հրապարակին վրայ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Յունաստան այցելութեան առիթով:
Ցոյցի մասնակիցները ապա քայլարշաւ պիտի կատարեն դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն: