* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Համազգայինի 6րդ Պատգամաւորական Ժողովը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

Monday, 17 May 2010     |    |   

Source: Asbarez
Tags: hamazkaine

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համահայկական իրականութեան մէջ եւ ի մասնաւորի Սփիւռքի մէջ Համազգայինը ունի իր մասնայատուկ տեղը։ Համազգայինը կրթական եւ մշակութային դպրոց ըլլալէ աւելի մեծ ու ծաւալուն ընտանիք մըն է, որուն անդամները՝ միութենական, համակիր, ծնողք, աշակերտ թէ հանդիսատես թրծուած են Համազգայինի շունչով ու ոգիով՝ հետեւելով վրացեաններու ու աղբալեաններու ուղիին։

Այս մթնոլորտն ու առաքելութիւնը պահպանելու համար քառամեայ հերթականութեամբ կը գումարուին Համազգայինի պատգամաւորական ժողովները՝ առարկայական կերպով քննարկելու գործունէութիւնը ու ճշդելու նոր ուղիները՝ միշտ ի մտի ունենալով միութեան ճամբով մշակոյթին ծառայելու վեհ, ազգային ու սրբազան առաքելութիւնը։ Նշեալ շրջագիծին մէջ, Հինգշաբթի, 13 Ապրիլ 2010ին, երեկոյեան ժամը 8։30ին, <<Ռոյալ Փարք>> պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 6րդ Պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին երեսփոխաններու եւ նախարարներու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի մեծ ընտանիքի բարերարներուն, կրթական եւ գեղարուեստական պատասխանատուներու ու արուեստագէտներու։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արին Գալուստեան, որ նշեց, թէ 15 երկիրներէ համախմբուած համազգայնականները յառաջիկայ օրերուն քննութեան առարկայ պիտի դարձնեն միութեան քառամեայ գործունէութիւնը՝ ճշդելով յառաջիկայ ծրագիրներու ուղիներն ու նորանոր մարտահրաւէրները։

Օրուան առաջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ այս ժողովը որոշումի հիմնական վայրն է, ուր անհատական ճիգերը գումարուելով կը կայանայ հաւաքական մտածում՝ նոյնինքն որոշում։

Մկրտիչեան աւելցուց, թէ ազգի պահպանման ու զարգացման համար կարեւոր է մշակոյթը։ Թուելով տուեալները՝ ան յայտնեց, թէ ժամանակն է վերամիաւորելու հայ ժողովուրդին մշակութային հարստութիւնը։ Ան եզրակացուց, թէ արդիականացումով պէտք է ամրացնել հինը, ու ստեղծել նորը։ Խօսքին աւարտին Մկրտիչ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի բոլոր բարերարներուն, որոնք մշտապէս նեցուկ կը կանգնին Համազգայինի առաքելութեան:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ըսաւ, թէ Համազգայինի հիմնադիրները բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով՝ կրցան ստեղծել Համազգայինը ու անոնք իրենց ջանքերը չեն խնայած ազգապահպանման գործին մէջ։ Քոչարեան հաստատեց, որ սերունդէ-սերունդ այսօր Համազգայինի պատասխանատուները կը շարունակեն առաքելութինը՝ պահպանելու համար ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները։

Պատգամաւորական ժողովի երրորդ խօսքը ՀՅ Դաշնակցութեան անունով արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Աղուան Վարդանեանը։ Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացողները անցեալին բազմաթիւ զրկանքներ կրած են ու զոհողութիւններ մատուցած՝ չընդհատելու համար մշակոյթին ընդմէջէն հայութեան երթը, որպէսզի հայութիւնը պահպանէ իր ինքնութիւնը ու քաղաքակիրթ պետութիւններուն մօտ իր արժանապատիւ տեղը:

Սփիւռքի մէջ մշակութային գործունէութիւն ծառայելու ազգային արժէքին անդրադառնալով՝ Վարդանեան ըսաւ, թէ <<Սփիւռքի մէջ Համազգայինը կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնն է>>, որ արժանի է համապատասխան գնահատանքի։ Ապա ան ժողովին ներկայացուց շարք մը առաջարկներ, ինչպիսին են հայ արուեստագէտներու նուիրուած տարեկան մրցանակի դրոյթը, հայագիտութեամբ զբաղող հայորդիներու հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ստեղծումը եւ այլ նիւթեր։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան-Սփիւռք առողջ գործակցութիւնը յառաջիկային հաշուոյն կը ստեղծեն նոր հորիզոններ ու գործելադաշտեր։

Բացման հանդիսութեան վերջին պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, որ յայտնեց, թէ Համազգայինի <<Լ. Շանթ>> մշակութային կեդրոնին մէջ առկայ մթնոլորտն ու ազգային նկարագիրի կազմաւորման շունչը մանրանկարն է Համազգայինի ծաւալուն գործունէութեան, որ հիմքն է հայեցի դաստիարակութեան։

Առաջնորդը աւելցուց, թէ այնպէս, ինչպէս Մայիսեան յաղթանակներու հանգրուանին կարելի եղաւ իրականացնել Շուշիի ազատագրումը, նոյնպէս ալ սփիւռքի մէջ <<օտար-ամայի ճամբաներուն վրայ>> Համազգայինի ճամբով կ՛իրականանան Շուշիի ու այլ յաղթանակներու շունչով առաջնորդող նուաճումներ։ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը յայտնեց, թէ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդի կարիքներուն ընդառաջ վերցուց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ մէկը մշակոյթի պահպանման լծուած Համազգայինի ստեղծումն էր, որ յստակօրէն տարիներէ ի վեր կը ծառայէ իր նպատակին ու առաքելութեան։ Ան կոչ ուղղեց համազգայնականներուն՝ շարունակելու իրենց ազգային ծառայութիւնը, հաստատելով, որ ժողովուրդը Համազգայինին հանդէպ ունի մեծ հաւատք ու վստահութիւն։

Ապա ներկաներուն հրամցուեցաւ մտերմիկ գեղարուեստական երեկոյ մը, որուն ընթացքին մասնակիցները նաեւ արտայայտեցին իրենց զգացումներն ու ապրումները։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement