Ըստ Տերսիմցի Հայերու Միութեան Նախագահին՝ Տերսիմիցիներուն 75 Տոկոսը Հայ Է

By Asbarez | Tuesday, 15 May 2012

Միհրան Փրկիչ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հապեր Վաքթիմ» կայքին վրայ հրատարակուած է Տերսիմցի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչի հետ հարցազրոյց մը։ Փրկիչ այն հայերէն է, որ վերջերս իր անունն ու կրօնքը փոխած է ու հիմնած է նշեալ միութիւնը։ Ան հետաքրքրական յայտարարութիւններ ըրած է տերսիմցիներու մասին, եւ ըսած է, թէ Տերսիմի բնակչութեան 75 տոկոսը հայկական ծագում ունի։ Ըստ անոր, հայկական ծագում ունի նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու, որ սակայն կ՛ուրանայ իր ծագումը։

Ժողովուրդը «գաղտնի հայեր» կը կոչէ այն հայրենակիցները, որոնք հայկական ծագում ունին, սակայն կը թաքցնեն իրենց ծագումը՝ իսլամներու նման ապրելով։ «Ասոնք նախապէս կը թաքցնէին իրենց հայկական ծագումը, սակայն հիմա այլեւս թաքցնելու պահանջք չեն զգար։ Եկեղեցւոյ մէջ կը մկրտուին եւ քրիստոնեայ կը դառնան։ Իրենց թրքական անուններն ալ կը փոխեն ու կ՛առնեն հայկական անուններ», կ՛ըսէ ան:

Միհրան Փրկիչ երկու տարի առաջ կրօնափոխ եղած էր՝ իր Սիւլէյման անունը փոխելով։ Ան «Ագիտ» թերթի աշխատակից Ֆաթիհ Ագայայի հարցումներուն պատասխանելով՝ կոչ կ՛ընէ բոլոր գաղտնի հայերուն, որ վերադառնան իրենց բուն ինքնութեան եւ հրապարակայնօրէն յայտարարեն, թէ հայ են։ Փրկիչ կ՛աւելցնէ, որ Տերսիմցի հայերու միութիւնը 70 անդամ ունի։

Այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ մէջ իբրեւ իսլամ ապրող հայերուն թիւը ի՞նչ է, Փրկիչ կու տայ հետեւեալ պատասխանը. «Մենք չենք կրնար ըսել։ Մենք կ՛ուզենք, որ մարդիկ իրե՛նք հրապարակեն, առանց վախնալու. մէջտեղ թող ելլեն։ Օրինակի համար, Տերսիմի ժողովուրդին 75 տոկոսը հայկական ծագում ունի։ Ասոնց մէկ մասը ալաուի դարձած է, մէկ մասն ալ՝ քիւրտ։ Այլեւս իրարու խառնուած են։ Մեր նպատակն է ապահովել, որ Տերսիմի մէջ ապրող եւ հայկական ծագում ունեցող հայերը ազատօրէն հրապարակեն իրենց պատկանելիութիւնը եւ ժամադրուին իրենց ազգային մշակոյթին հետ»։

Փրկիչ աւելցուց. «Եթէ Տերսիմ ըսուի, կը յիշուի Քեմալ Քըլըճտարօղլուն։ Շատ յստակ է, որ Քըլըճտարօղլուի մայրը հայ է, Քըլըճտարօղլու կը նախընտրէ մերժել այս կէտը։ Ան նաեւ կը մերժէ քիւրտ ըլլալը։ Մինչդեռ Տերսիմի մէջ ամէն մարդ գիտէ այս ճշմարտութիւնը։ Քըլըճտարօղլուի ծննդավայրը Նազիմիէ հայաբնակ վայրն էր։ Արդարեւ, անոր մօր անունը՝ Էմոշ է։ Եմոշ ըսողներ ալ կան։ Քըլըճտարօղլու այս մէկը ուրանալով կը նախատէ իր մայրը»:

Փրկիչ խօսեցաւ նաեւ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան տերսիմցի երեսփոխան Հիւսէյն Այկիւնի մասին եւ ըսաւ, որ ան շատ ջերմ մերձեցում ունի հայերու նկատմամբ։ «Հա՞յ է, թէ ոչ՝ ին՛ք պէտք է ըսէ։ Իսկ մենք շատ լաւ գիտենք թէ ո՛վ հայ է, ո՛վ՝ չէ։ Ո՛ր ցեղախումբերը հայկական է, եւ ո՛ր ցեղախումբերը հայկական չէ։ Կարեւորը իրենց արտայայտուիլն է», ըսաւ ան։

Միհրան Փրկիչ երկար տարիներ աշխատած է քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան շարքերէն ներս եւ այժմ կը պնդէ, թէ այս կուսակցութեան շարքերուն մէջ հայերու յատկանշական ներկայութիւն մը կայ։ «Այն շրջաններուն մէջ, ուր 1923էն առաջ հայեր կ՛ապրէին, կուսակցութիւնը միշտ քուէներու առաւելութիւն ապահոված է», կ՛ըսէ Փրկիչ՝ իբրեւ օրինակ տալով Սասունի եւ Վանի պարագաները։ Ըստ Միհրան Փրկիչի, այդ կուսակցութեան անդամները մեծ յարգանք կը ցուցաբերեն հայերու նկատմամբ եւ կ՛ընդունին, որ անիրաւութիւններ գործուած են հայերու նկատմամբ, սակայն կրօնամոլ քիւրտերը չեն ուզեր մերձենալ հայերուն եւ զանոնք «կեավուր»ներ կը նկատեն։

comments

Advertisement