By Asbarez | Monday, 21 May 2012
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Հորիզոն» հեռատեսիլի կեդրոնէն սփռուած եւ «Էյ.Ար.Թի.Էն» ու «Եու.Էս.ԷՅ. Արմինիա» կայաններէն վերասփռուած Հայ Դատի թելեթոնը, ամբողջ վեց ժամ լարուած պահեց ամերիկահայութիւնը, որ հակառակ տնտեսական ճգնաժամին ստեղծած աննպաստ մթնոլորտին, լիաբուռն մասնակցութեամբ գոյացուց 2 միլիոն 215 հազար տոլար:
Հանգանակութեան սփռումը դադրած ըլլալով հանդերձ, կեդրոն հասնող հեռախօսները չէին դադրեր հնչելէ: Իրականութեան մէջ, զարմանալիօրէն, ամբողջ վեց ժամուան ընթացքին հազիւ կարելի կ՛ըլլար մէկ կամ երկու կամաւոր ազատ գտնել՝ պատասխանելու հաղորդավարներու հարցումներուն. հեռախօսազանգերուն պատասխանող կամաւոր տղաքն ու աղջիկները անդադրում աշխատանքի վրայ էին, սակայն ոչ մէկ բողոքի նշոյլ ցոյց կու տային: Ընդհակառակը, համընդհանուր խանդավառութիւն մը «Հորիզոն»ի կեդրոնէն կը հասնէր դէպի իւրաքանչիւր հայու բնակարան եւ իւրաքանչիւր հայ սիրտ:
Նախաթելեթոնեան օրերու հանգանակային ձեռնարկները, հաւանաբար, իրենց կարեւոր նպաստը բերին այդ օրուան մթնոլորտի պատրաստման մէջ: Կազմակերպողներն ալ իրենց կարելին ըրած էին՝ ծրագիրի սահուն ընթացքը ապահովելու համար: Այդպէս ալ ընթացա՛ւ:
Այս նշանակալի ձեռնարկին դարձեալ կ՛անդրադառնանք:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan