Շարլ Ազնաւուր Կը Նշէ Իր 88ամեակը

By Asbarez | Wednesday, 23 May 2012

Քնար եւ Միշա Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ 88 տարի առաջ ծնած է Վաղինակ Ազնաւուրեանը, որ տարիներ ետք իր արուեստով պիտի դիւթէր միլիոնաւոր մարդիկ:

60 տարիներէ աւելի է, որ Ազնաւուրի երգերը թռիչք կը կատարեն ամբողջ աշխարհի մէջ, 60 տարիներէ ի վեր սերունդներ ապրած են Ազնաւուրի երգերով:

Ազնաւուր շուրջ 1000 երգերու հեղինակ է, ու իր ապրած 88 տարիներու բարձունքէն տեսած է, թէ որոնք, որ հռչակաւոր երգիչները կատարած են իր երգերը:

Ազնաւուր իր տարեդարձը քանի մը անգամ նշած է Հայաստանի մէջ: Անցեալ տարի իր տունը ունեցաւ նաեւ հայրենիքի մէջ:

comments