Սերժ Աւետիքեան Մրցանակակիր Քաննի Փառատօնին

By Asbarez | Saturday, 29 May 2010

ՔԱՆՆ, Ֆրանսա.- Կիրակի, Մայիս 23ի երեկոյեան, յայտնի դարձան շարժապատկերի Քաննի հեղինակաւոր փառատօնի մրցանակակիրները, որոնց շարքին, կարճ շարժապատկերի դասակարգին <<Ոսկէ արմաւենի>>ին տիրացաւ ֆրանսահայ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանի 15 վայրկեաննոց <<Շան պատմութիւն>> շարժապատկերը: Մրցանակը Աւետիքեանին յանձնեցին Ատոմ Էկոյեանն ու Միշել Ռոտրիկեզը։

Շարժապատկերի պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1910ին, Պոլսոյ մէջ, երբ կառավարութիւնը Պոլսոյ երեսուն հազար փողոցային շուները բնաջնջելու նպատակով, զանոնք կը տեղափոխէ անմարդաբնակ կղզի մը՝ անտեսելով անոնցմէ ձեռբազատուելու համար ի՛ր իսկ կողմէ կանչուած եւրոպացի մասնագէտներուն կարծիքը:

Հայաստան ծնած եւ 15 տարեկանէն իր ընտանիքին հետ Ֆրանսա հաստատուած բեմադրիչը մրցանակը ընդունած ատեն ըսած է, թէ ֆիլմը ուղղակի կերպով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին չէ, սակայն խորհրդանշականօրէն կը մօտենայ անոր եւ նման դէպքերու: Ան յայտնած է, թէ ինք շարժապատկերներ կը պատրաստէ, որպէսզի իր մեծ հօր պատմութիւնը չմոռցուի եւ հասնի իր երեխաներուն, որոնք Փարիզ կ՛ապրին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Անատոլուի հարուստ պատմութեան ու նշեց, թէ հասակ առած է ունկնդրելով իր մեծ մօր յուզիչ պատմութիւնները։ Ան ըսաւ, թէ քանի մը առիթներով այցելած է մեծ մօր ծննդավայր գիւղը ու քանի մը տարի առաջ այդ նիւթով նկարահանած է <<Բոլորս նոյն ջուրը խմեցինք>> անունով վաւերագրական ժապաւէնը։

Աւետիքեան, որ նաեւ դերասանութիւն կ՛ընէ, ցարդ բեմադրած է աւելի քան 20 ժապաւէններ։ Բացի շարժապատկերի արուեստէն, ան կը զբաղի նաեւ թատրոնով ու բեմադրած է հինգ թատերախաղեր, զանազան բեմերու վրայ։

comments

Advertisement