Սուրիահայ Համայնքէն 20 Ընտանիք Գաղթած Է Երկրէն

By Asbarez | Friday, 01 June 2012

Սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Չամպարճեան, «Խապար Արմանի» կայքին յայտնած է, որ հակառակ Սուրիոյ հետզհետէ մտահոգիչ դարձող իրավիճակին, տեղի հայկական համայնքը առայժմ խաղաղ վիճակի մէջ է:

Չամպարճեանի խօսքերով, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան երեք շաբաթ առաջ անձամբ հետաքրքրուած է, թէ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի պատճառով հայ ընտանիքներ կը գաղթե՞ն երկրէն, եւ այդ իսկ նպատակով Չամպարճեան ուսումնասիրած է հայկական դպրոցներէն բացակայող աշակերտներուն թիւը եւ պարզած, թէ անոնց բացակայութեան պատճառը արտագաղթն է, իսկ անոնց թիւը կը կազմէ 15-20 ընտանիք, որուն մեծ մասը գաղթած է Լիբանան, Հայաստան եւ Ամերիկա:

comments