By Asbarez | Sunday, 06 June 2010
ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Կաթոլիկ եպիսկոպոսի մը սպանութենէն մէկ օր ետք, Ուրբաթ, Յունիս 4ին, Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատով զբաղող փաստաբաններէն Հաքան Քարատաղի դիակը յայտնաբերուած է Պոլիս գտնուող իր բնակարանին մէջ։
Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն, քառասունամեայ Քարատաղի դիակը կախուած գտած է անոր ընկերուհին, որ դիմած է ոստիկանութեան։
Քարատաղի բնակարանին առջեւ սգացող բարեկամներ
Ըստ Քարատաղի ընտանեկան պարագաներուն, Տինքի դատավարութեան ընթացքին յաճախ թուրք ազգայնամոլներէ սպառնալիքներ ստացած Քարատաղ անձնասպանութեան դիմելու ոչ մէկ նշան ցոյց տուած է: Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի դատավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին, դատաւորը բացայայտած էր, որ Սամասթ Քարատաղի անունը գրած էր թուղթի մը վրայ, իսկ այլ առիթով մը Սամասթ սպառնական ոճով իր բանտը հրաւիրած էր Քարատաղը, որմէ ետք Քարատաղ պաշտօնական բողոք ներկայացուցած էր Սամասթի դէմ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan