Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիտի Մասնակցի G8ի Միջկրօնական Հանդիպման

By Asbarez | Monday, 21 June 2010

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յունիս 15ին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Գանատա: Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով հրաւիրուած է մասնակցելու <>ի յառաջիկայ ժողովին (25-28 Յունիս, Թորոնթօ) օրակարգը քննելու կոչուած միջազգային միջկրօնական հանդիպումին: Նշեալ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ուինիփեկի մէջ 20-23 Յունիսին, որուն պիտի մասնակցին շուրջ հարիւր բարձրաստիճան հրաւիրեալներ՝ աշխարհի բոլոր կրօնները ներկայացնող: Օրակարգը պիտի ունենայ երեք գլխաւոր բաժիններ՝ տնտեսութիւն, խաղաղութիւն եւ կենսոլորտ: Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է նախագահելու կենսոլորտի բաժինին:

Այս առիթով, վեհափառը նաեւ այցելութիւններ կու տայ Մոնթրէալի (17-20 Յունիս) եւ Թորոնթոյի (23-27 Յունիս) մեր համայնքներուն, եւ կը նախագահէ կրօնական ու ազգային շարք մը ձեռնարկներու:

<>ի համագումարին, վեհափառին պիտի ընկերանան Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Գանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան եւ Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Իսկ Թորոնթօ ու Մոնթրէալ այցելութեան ընթացքին վեհափառի պատուիրակութեան պիտի միանան Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:

 

comments

Advertisement