Ըստ Ֆրանսացի Ծերակուտականին՝ Ցեղասպանութեան Մասին Օրինագիծը Շուտով Պիտի Ներկայացուի

By Asbarez | Friday, 15 June 2012

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսացի ընկերվարական ծերակուտական եւ Քլամարի քաղաքապետ Ֆիլիփ Քալտենպախ Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին Ծերակոյտի շէնքին մէջ ընդունած է Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեանը եւ հանդիպման ընթացքին կրկնած է, թէ նեցուկ կը կանգնի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ուրացումէ զերծ պահելու գործին:

«Այս ցանկութիւնը, զոր կը կիսէ նաեւ հանրապետութեան նոր նախագահը, շուտով պիտի արտացոլայ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծի ներկայացումով», ըսած է ծերակուտականը:

comments