By Asbarez | Tuesday, 19 June 2012
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերթական անգամ ըլլալով պատշաճ կերպով չէ դատապարտած ատրպէյճանական բանակին կողմէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած բռնութիւնները. այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումը:
Արդարեւ, պատասխանելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումի ատենապետ Քեն Խաչիկեանի յղած մէկ նամակին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն գրած է, թէ Միացեալ Նահանգներ «խորապէս կը ցաւի» կեանքերու կորուստին համար եւ կը յիշեցնէ, որ Ամերիկա յորդորած է կողմերը՝ զերծ մնալ ուժի կիրառումէն, ապա աւելցուցած է, որ տագնապը կարելի չէ լուծել ռազմական միջոցներով:
Իր նամակին մէջ, Քեն Խաչիկեան մտահոգութիւն յայտնած էր մարդկային կեանքեր խլած սահամանային միջադէպերուն եւ ատրպէյճանական կողմէն ան-ընդմէջ իրականացուող ռազմական յարձակումներուն առթիւ:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ռազմական սարքաւորումներ վաճառելու մասին յայտարարութիւններուն եւ անոնց շուրջ Հայ Դատի յանձնախումբի մտահոգութեանց՝ Կորտըն շեշտած է, որ «Միացեալ Նահանգները տարածաշրջանի ապահովութեան օժանդակութեան հարցերով՝ առաւելագոյնս զերծ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վնաս հասցնելէ»:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan