Սուրիոյ Մէջ Չորրորդ Հայ Զինուորական Ծառայողը Զոհուեցաւ

By Asbarez | Monday, 25 June 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ մէջ կառավարական զօրքերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ շարունակուող բախումներուն ընթացքին, անգամ մը եւս զոհուած է հայ զինուորական ծառայող մը՝ դառնալով զոհուած չորրորդ հայ զինուորը:

Հասարակական ցանցերու միջոցով տարածուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ զոհուած զինուորը Ռաֆֆի Իպրահիմ Քատմուսն է՝ ծնեալ Թել Ապիատ: Ան զոհուած է զինուորական ծառայութիւնը կատարելու ընթացքին, Հոմս քաղաքի մօտակայքը ընթացող բախումներու ժամանակ:

Նաեւ, մէկ օր առաջ, Հոմսի մօտակայքը զոհուած էր սուրիական բանակի հայ զինուորական մէկ այլ ծառայող՝ 1992ի ծնունդ Ճալալ Մելքոնը: Ան ծնունդով Սուրիոյ Հասաքէ նահանգէն է եւ դարձեալ զոհուած է զինուորական ծառայութեան ընթացքին:

Սուրիոյ մէջ մէկ տարիէ ի վեր շարունակուող բախումներուն ընթացքին, մինչ օրս արդէն իսկ զոհուած է վեց սուրիահայ, որոնցմէ չորսը՝ զինուորական ծառայող:


comments