Սեդօ Պոյաճեան Կը Նշանակուի Մեսրոպեան Վարժարանի Տնօրէն

By Asbarez | Monday, 05 July 2010

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմնի հրապարակած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեանը նշանակուած է <<Մեսրոպեան>> ազգային վարժարանի տնօրէն։

Վարժարանի անցնող 9 տարիներու տնօրէնուհին՝ Հիլտա Սալիպան, իր հրաժարականը ներկայացուցած ըլլալով խնամակալ մարմինին, ազգային վարժարաններու կանոնագրութեան համաձայն այդ Մարմինը ձեռնարկած էր նոր տնօրէնի պաշտօնի կոչման գործընթացին եւ մամուլով յայտրարարած՝ որ պիտի ընդունի տնօրէնի պաշտօնին յարմար թեկնածուներուն դիմումները։

Խնամակալ մարմնի հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ՝ <<Թեկնածուներու մասնագիտական տուեալներն ու փորձառութիւնը նկատի ունենալով, ինչպէս նաեւ հիմնուելով անոնց հետ կայացած հանդիպումներու արդիւնքներուն վրայ, Մարմինս որոշեց տնօրէնի պաշտօնին կոչել Սեդօ Պոյաճեանը>>։

Սեդօ Պոյեաճեան պսակաւոր արուեստից վկայականը եւ Մագիստոսի տիտղոսը ստացած է Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանէն քաղաքագիտութեան )Political Science( բնագաւառին մէջ եւ Juris Doctor տիտղոսը ստացած է University of West Los Angeles School of Law համալսարանէն։

Այս նշանակումին անդրադառնալով Խնամակալ Մարմինի ատենապետ Մարք Կէտիկեան կը նշէ, որ <<Սեդօ Պոյաճեան երկար տարիներ եղած է Մոնթեպելլոյի մեր համայնքի գործօն անդամներէն մին ու իր մասնակցութիւնն ու ներդրումը բերած է շրջանէն ներս տարուած բազմապիսի աշխատանքներուն։ Իբրեւ Մոնթեպելլոյի համայնքի երկար տարիներու անդամ, ան մօտէն ծանօթ է համայնքի կարիքներուն։

Մեր ակնկալութիւնն ու մաղթանքն է, որ ուսուցչական կազմի անվերապահ աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ վարժարանի Ուսումնական Մարմնին եւ յարակից մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն հետ սերտ գործակցութեամբ ան պիտի յաջողի շարունակել վարժարանի ուսումնական յառաջընթացը եւ նոր նուաճումներով հարստացնէ ու ընդարձակէ վարժարանի կրթական առաքելութիւնը>>։

Խնամակալ մարմինը սոյն հաղորդագրութեամբ երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան իր խօսքը կը փոխանցէ <<վարժարանի անցնող 9 տարիներու տնօրէնուհի՝ Տիկին Հիլտա Սալիպային, որ անսակարկ նուիրումով ծառայեց Մեսրոպեան Ազգային Վարժարանին ու իր գնահատելի ներդրումը ունեցաւ վարժարանի կրթական վերելքին մէջ>>։

Յունիս 28, 2010 թուակիր իր յայտարարութիւնը խնամակալ մարմինը կ՛եզրակացնէ շնորհաւորանքի խօսքով ուղղուած Սեդօ Պոյաճեանին՝ տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնին նշանակման առիթով։

comments

Advertisement