By Asbarez | Friday, 29 June 2012
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ շնորհիւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամ Հաուըրտ Պըրմընի գլխաւոր ընդդիմութեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը որոշած է Ատրպէյճանի անունը վերցնել ռազմական ուղղաթիռներու համար արդիական սարքաւորումներ գնելու հաւանականութիւն ունեցող երկիրներու ցանկէն:
Պըրմըն ողջունած է արտաքին գործոց նախարարութեան այս որոշումը՝ յայտարարելով, թէ այս որոշումը նպաստաւոր է ոչ միայն հայութեան համար, այլ՝ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն:
Նկատի առնելով Ատրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերու վրայ յարձակումները եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ շարունակուող սպառնական կոչերը՝ Պըրմըն նամակ մը գրած էր արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի ռազմական ուղղաթիռները արդիականացնելու ամերիկեան սոյն ծրագիրին շուրջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւս դատապարտած էր այս որոշումը, յատկապէս Յունիս 4էն 6 տեղի ունեցած ատրպէյճանական յարձակումներու լոյսին տակ, որոնց ընթացքին 10 զինուորներ սպաննուած էին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան ողջունեց արտաքին գործոց նախարարութեան նոր որոշումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով քոնկրեսական Պըրմընին, որ լուսարձակի տակ առած էր այս հարցը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan