Ամերիկահայեր Տարֆուրի Հարցով Վճռական Քայլեր Կը Պահանջեն ԱՄՆէն

By Asbarez | Sunday, 18 July 2010

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 14ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը բերած է ցեղասպանութեանց դէմ պայքար մղող շարք մը կազմակերպութիւններու նախաձեռնած բողոքի ցոյցի մը, որ տեղի ունեցաւ՝ նշելու համար Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրը իբրեւ պատերազմական ոճրագործ ամբաստանող Միջազգային քրէական ատեանի որոշումին երկրորդ տարեդարձը:

Պաշիր ամբաստանուած էր Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան գծով: Ցոյցէն քանի մը օր առաջ, ատեանը նաեւ պաշտօնապէս ցեղասպանութեամբ ամբաստանած էր Պաշիրը:

Այս առթիւ, արբանեակային «Ճեզիրա» կայանին թղթակիցը տեղւոյն վրայ հարցազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեանի հետ, զոր կարելի է դիտել հետեւեալ համացանցային կայքէջին վրայ՝ www.facebook.com/video/video.php?v=1490819321077&ref=mf:

Սպիտակ տան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցին գլխաւոր կազմակերպիչ «Africa Action»ի ներկայացուցիչները շեշտեցին, թէ միջազգային համայնքը պէտք է նեցուկ կանգնի Միջազգային քրէական ատեանին, որ ցեղասպանութեանց դէմ դնող լաւագոյն միջազգային մարմինը կը նկատուի:

Ցուցարարները նաեւ պահանջեցին Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն, որ այս հարցով աւելի վճռական դիրքորոշում որդեգրէ:

comments

Advertisement