Պրայզայի Նկատմամբ Մտավախութիւնը Կը Յամենայ

By Asbarez | Monday, 26 July 2010

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Հինգշաբթի, Յուլիս 22ին կայացած Մեթիու Պրայզայի հարցաքննութենէն ետք իսկ, անոր անկողմնակալութեան նկատմամբ մտավախութիւնները կը յամենան:

Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած հարցաքննութեան ընթացքին, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ, Պարպարա Պոքսըր եւ ուրիշներ բազմաթիւ հարցումներ ուղղած են Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մ. Պրայզային, որ հաւաստիացուցած է, թէ դեսպան նշանակուելու պարագային, ամէն ինչ պիտի ընէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին արդար կարգաւորման համար։ Ըստ անոր, կարգաւորման իբրեւ հիմք պէտք է դրուին երեք ծանօթ սկզբունքները՝ տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ ուժի չկիրարկումը։

<<Եթէ դեսպանի պաշտօնին հաստատուիմ, ամէն ձեւով պիտի նպաստեմ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահի պաշտօնին զիս փոխարինած Ռապըրթ Պրատթքիին, ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին մէջ>>, ըսած է Պայզա։

Պրայզայի կինը՝ ծագումով թուրք Զէյնօ Պարան, որ կ՛աշխատի <<Հատսըն>> վերլուծական հաստատութեան մէջ, կը զբաղի տարածաշրջանի խնդիրներով եւ, ըստ որոշ հրապարակումներու, ունի թրքամէտ եւ ատրպեճանամէտ դիրքորոշում, սակայն Պրայզա վստահեցուցած է, թէ դեսպան նշանակուելու պարագային, ինք պիտի յարգէ բարոյական կանոնները եւ շահերու բախում պիտի չըլլայ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տեսակէտով, այդ հաւաստիացումները համոզիչ չեն։ Յանձնախումբի հաղորդակցութեան բաժանմունքի վարիչ Էլիզապեթ æուլճեան <<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. <<Կը տեսնենք, որ տասը տարի շարունակ Պրայզայի կինը՝ Զէյնօ Պարանը, Ատրպէյճանի հարցերով աշխատած է ամենաբարձր մակարդակով՝ Ատրպէյճանի նախագահին հետ տարբեր միջոցառումներ կազմակերպելով այստեղ՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Այսքան տարիներ ետք կը տեսնենք պարոն Պրայզայի խոստումը, որ՝ եթէ ինք նշանակուի իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ապա իր կինը այլեւս պիտի չկատարէ այդ տեսակի լոպիական աշխատանքներ։ Այս խոստումը տասը տարիով ուշացած է>>։

<<Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ այն, որ ծերակուտականները քննարկեն պարոն Պրայզայի պատասխանները, իր անունը պէտք է դրուի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յաջորդ լիագումար նիստին, եւ եթէ այնտեղ քուէարկուի եւ իր թեկնածութեան համաձայնին, ապա անոր թեկնածութիւնը պիտի դրուի Ծերակոյտի քուէարկութեան>>, բացատրեց Է. æուլճեան։

comments